Վիգէն Սարգսեան Մասնակցած Է Ռազմական Սարքերու Ցուցահանդէսի Բացման Արարողութեան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է ՌԴ «Պատրիոտ» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ (Մոսկուա) իրականացուող «Արմիա-2017» 3-րդ միջազգային ռազմական սարքերու համաժողովի եւ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, ցուցահանդէսին ՀՀ ռազմարդիւնաբերական համալիրը ներկայացուած է առանձին տաղաւարով:
Շրջելով ցուցահանդէսի տաղաւարներով` Վիգէն Սարգսեան ծանօթացած է տարբեր ընկերութիւններու ռազմական նշանակութեան արտադրանքի նմուշներուն:
Այցելութեան ընթացքին Վիգէն Սարգսեանին ուղեկցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ-ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեան: