Մարտական Հերթապահութիւն Կրող Անձնակազմերու Ծառայութիւնը Դարձած Է Առաւել Անվտանգ

«2016 թուականի ապրիլեան մարտական գործողութիւններէն յետոյ բազմիցս խօսուած է առաջնագիծի յաւելումներու, ամրաշինական գործողութիւններու, վերազինման, սահմանը տեխնիկական միջոցներով ապահովման անհրաժեշտութեան մասին:
Այս ընթացքին իսկապէս ահռելի աշխատանք տարուած է, որուն արդիւնքով ծառայութիւնը որակապէս լրիւ այլ մակարդակի հասցուած է:
Մարտական հերթապահութիւն կրող անձնակազմերու ծառայութիւնը դարձած է առաւել անվտանգ, հակառակորդի շարժերը` առաւել կանխատեսելի, զսպող մեքենականութիւնները` առաւել արդիւնաւէտ»,- իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը գրէ Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան: