Ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան՝ Աշխարհի Ախոյեան

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Մաքսիմ Մանուկեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Փարիզի մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան 80 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին Մաքսիմ Մանուկեան կը մրցէր Պելառուսի ներկայացուցիչ Ռատիկ Քուլիեւի հետ:
Մանուկեան փայլեցաւ իր հմտութեամբ եւ յաղթեց 5:0 հաշուով: