Հիւսիսային Պուդովոյի Մէջ Հայկական Արտադրութիւններու Ցուցահանդէս-տօնավաճառ Բացուածէ

Մոսկուայի ամենախիտ բնակեցուած շրջաններէն մէկուն` Հիւսիսային Պուդովոյի մէջ, Օգոստոս 21-­ին, բացուած է հայկական արտադրանքի ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են թեթեւ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսական վերամշակող արտադրութեամբ զբաղող ընկերութիւններու արտադրանքը, ինչպէս նաեւ հայկական յուշանուէրներ:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ ՀՀ առեւտրային ներկայացուցչութեան կողմէ` ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան կողմէ մշակուած արտահանման խթանման ծրագիրին համաձայն, Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մասնակցութեամբ ու Մոսկուայի առեւտուրի եւ ծառայութիւններու վարչութեան հետ համաձայնութեամբ:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 27:

Scroll Up