Լիբանանի Նախագահն Այցելած Է Վիրաւոր Հայ Զինուորին

Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը այցելած է լիբանանեան բանակի զինծառայող Սեպուհ Կիրակոսեանին, որ ծանր վիրաւորումէ ետք  վիրահատուած է եւ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:

Նախագահը ծանօթացած է բուժման ընթացքին եւ ապաքինում մաղթած հայ զինծառայողին:

Յիշեցնենք, որ Սեպուհ Կիրակոսեան վիրաւորուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանին` «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ մղուած մարտերու ժամանակ, կը գրէ yerkirmedia.am-ը:

Scroll Up