ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Օգոստոս 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին անցած շաբթուան ընթացքին  կատարած աշխատանքները, զեկուցեցին «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովի նախապատրաստական, կազմակերպական աշխատանքներու վերաբերեալ:

Նախարարը կարեւոր համարեց յառաջիկայ ձեեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը: Քննարկուեցան աշխատանքային այլ հարցեր:

 

Scroll Up