Նախնական Տուեալներով` Դամասկոսի Ցուցահանդէսի Տարածքին Տուժածներուն Մէջ Հայեր Չկան

Դամասկոսի ցուցահանդէսի տարածքին հրթիռակոծութեան արդիւնքով ՀՀ դիւանագէտներն անվնաս են: Նախնական տուեալներով տուժածներուն մէջ հայեր չկան:
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան թուիթերեան պաշտօնական էջէն:
Աւելցնենք, որ օգոստոս 20-ին Դամասկոսի մէջ միջազգային ցուցահանդէսի հրթիռակոծութեան հետեւանքով չորս մարդ զոհուած է ու առնուազն չորսը վիրաւորուած: