Թուրքիոյ Քոնիա Նահանգի Աքշեհիր Շրջանի Հայկական Եկեղեցին Կը Վերանորոգուի

Թուրքիոյ Քոնիա նահանգի Աքշեհիր շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին կը վերանորոգուի: Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի կայքին յղում ընելով` «Էրմէնիհաբեր»-ը կը գրէ, որ Հոճա Նասրետտինի «Համաշխարհային հումորի գիւղ» նախագիծի ծիրէն ներս վերանորոգուելէ յետոյ եկեղեցին պիտի վերածուի մշակութային կեդրոնի: Իսկ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող քահանայատունը պիտի ծառայէ որպէս փոքրիկ հիւրատուն:
Նախագիծը կ’իրականացուի Աքշեհիրի քաղաքապետարանի եւ Թուրքիոյ զարգացման նախարարութեան համագործակցութեամբ: Աքշեհիրի քաղաքապետ Սալիհ Աքքայայի խօսքով` կը նախատեսուի նաեւ տարածքին մէջ գտնուող հայկական բաղնիքի վերանորոգումը, որ, սակայն, կ’աւարտուի յառաջիկայ տարիներու ընթացքին
«Համաշխարհային հումորի գիւղ» նախագիծին համար շուրջ 5 մլն թրքական լիրա արժողութեամբ պիւտճէ նախատեսուած է, որմէ 1.72 մլն-ը կ’օգտագործուի 2017թ. ընթացքին:
Աղբիւրը կ’աւելցնէ, որ համաձայն Ռայմոնտ Գէորգեանի «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ` 1915թ.-էն առաջ» գիրքի` Քոնիա նահանգի Աքշեհիր շրջանին մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ 4.950 հայ կը բնակէր: Հայերն այստեղ 4 դպրոց եւ մէկ եկեղեցի ունէին` Սուրբ Երրորդութիւնը: Դպրոցներէն Սուրբ Ստեփանոսը տարածաշրջանին մէջ յատկապէս յայտնի էր կրթութեան բարձր մակարդակով: Շրջանին մէջ բնակող հայերը յատկապէս զարգացուցած էին գորգագործութիւնը, կաշեգործութիւնը, երկաթագործութիւնը: