Թուրքիոյ Գնալը Կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ Ցուցահանդէս Բացուած է

Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Տէր Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի օրհնութեամբ՝ Օգոստոս 17-ին, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Cuma, Cumartesi, Pazar» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումը:

Պոլսոյ պատրիարքարանին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսին ներկայացուած են 5 լուսանկարիչներու աշխատանքներ, որոնց շարքին են նաեւ համայնքի անդամներէն Մկրտիչ Արծիւեանը եւ Պերքէ Արաբեանը:

Անիկա կազմակերպուած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ թաղային խորհուրդին ջանքերով:

«Մուտքը ազատ է, մշակութասէր հասարակութիւնը պիտի համախմբուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ երաշխիքը պիտի դառնայ տարբեր հաւատքներու եղբայրական համակեցութեան»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Scroll Up