Նոր Ջուղայի Աշակերտական Պատուիրակութիւնը` Հայագիտական Համահայկական Ողիմպիականի Ուժեղագոյն Խումբ

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Աղուերանի մէջ կայացած Հայագիտական համահայկական 8-րդ ողիմպիականի արդիւնքներն ամփոփուեցան չորեքշաբթի` օգոստոս  9-ին, որուն համաձայն 8-րդ ողիմպիականի  ուժեղագոյն խումբ ճանչցուեցաւ Նոր Ջուղայի «Քանանեան» աղջիկներու եւ «Կատարինեան» տղաներու միջնակարգ դպրոցներու գերազանցիկ աշակերտներէ կազմուած 8 հոգինոց պատուիրակութիւնը: «Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով norjugha.ir կայք-էջին, կը յայտնէ, որ պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ փայլիլ ողիմպիականի հայոց լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան բաժինին մէջ` արժանանալով մէկ առաջին, մէկ երկրորդ եւ երեք 3-րդ կարգի վկայականներու ու մէկ շնորհակալագիրի:

Նոր Ջուղայի աշակերտները յաջողութիւն  արձանագրած են նաեւ ողիմպիականի ծիրէն ներս իրականացուող երգի եւ ասմունքի մրցոյթներուն` երգի բաժինին մէջ ստանալով  պատուոգիր, իսկ ասմունքի համար` շնորհակալագիր:

Պատուիրակութիւնը` որպէս պատասխանատուներ, կ´ընկերակցէին «Քանանեան» դպրոցի ուսուցչուհի Անահիտ Սարհադեանն ու Կրթական խորհուրդի անդամ Նարբէ Ջարդն Տաւուտը:

Scroll Up