Դպրոցական Պիտոյքներ՝ Իշխանասարցի Երեխաներուն
1988 թուականէն Ատրպէյճանէն գաղթած հայերով բնակեցուած Սիւնիքի մարզի Իշխանասար գիւղը այսօր ունի 250 բնակիչ: Բնակիչները, մեծ մասամբ, կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ:
Օգոստոս 11-ը` հին հայկական տոմարով Նոր տարուան օրը, զուգադիպեցաւ գիւղին մէջ նուէրներու բաժանման հետ: Այդ օրը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը գիւղի բոլոր երեխաներուն նուիրաբերեց գրենական պիտոյքներ` դպրոցական պայուսակներ, գրչատուփեր, հաշուիչներ, ջրաներկեր, կաւ, գծագրութեան տետրակներ, տետրեր, գրիչներ եւ այլն:
Ծրագիրը իրականացաւ Հիմնադրամի Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմինի ֆինանսաւորման շնորհիւ: Արդէն տասներորդ տարին է, որ Հիմնադրամը իր Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմինին ֆինանսաւորումով՝ Հայաստանի տարբեր մարզերու գիւղերու երեխաներուն կը նուիրաբերէ գրենական պիտոյքներ: Նախորդ տարիներուն անոնք հասած են Տաւուշի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի մարզերուն գիւղերը: