ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Արագ Ճատրակի Լիբանանի Ախոյեան

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի տղոց ճատրակի կազմը անցեալ Կիրակի օր, Լիբանանի կայծակնային ( blitz) ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը շահելէ ետք, Կիրակի, 14 Օգոստոսին, արժանաւորապէս շահեցաւ Լիբանանի արագ ( rapid ) ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Ախոյեանութեան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Ռաշատ ակումբին մէջ, 25 ակումբներու մասնակցութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ:
Կ’արժէ նշել, որ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քեշիշեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի անդամ եւ ճատրակի պատասխանատու Տիգրան Զէյթճեան մօտէն հետեւեցան ախոյեանութեան ընթացքին:
Մեր տղաքը կատարեցին եօթ մրցում եւ արձանագրեցին եօթ յաղթանակ:
Ախոյեանութեան բաժակը ՀԵԸ – Անդրանիկ Անթիլիասի գլխաւոր մարզիչ Ռոլան Ախրասին եւ մարզիկներուն հանդիսաւորապէս յանձնեց ճատրակի Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Իզզէթ Ըրէյթիմը, ֆետերասիոնի այլ անդամներու ներկայութեան:
Ստորեւ մրցումներուն թեքնիք արդիւնքները.
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Մաշարիյ՝ 6-0
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Էնիմէյշըն՝ 6-0
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Սովիէթ՝ 5-1
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Թենմիյէ՝ 4-2
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս -Անսար՝ 4.5-3.5
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – ՀՄԸՄ՝ 4-2
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Սենեպիլ՝ 4-2
Ջերմապէս կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ճատրակի կազմը եւ անոր պատասխանատուները այս փայլուն յաղթանակին առիթով, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ