Փորթանթինօ Եւ Հայ Իրաւաբանական Միութիւնը Կոչ Կ՛ընեն «Ամերիքանա»ին

Ասպարէզ-Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ նամակ մը յղած է «Քարուսօ Ըֆիլիէյթըտ» հաստատութեան՝ կոչ ընելով անոր, որ վերատեսութեան ենթարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին մասին պատրաստուած «Ուրացման Ճարտարապետները» վաւերագրական ֆիլմը՝ «Ամերիքանա»ի մէջ ծանուցելը արգիլելու որոշումը։
Փորթանթինօ «արտասովոր պատճառաբանութիւն» որակած է ծանուցումը արգիլելուն համար «Ամերիքանա»ի տուած այն բացատրութիւնը, թէ՝ ֆիլմը «շատ քաղաքական է», աւելցնելով, որ այս որոշումը ազատօրէն կարծիք արտայայտելու սկզբունքին դէմ առնուած քայլ մըն է։
Փորթանթինօ յոյս յայտնած է, որ նամակը դրական դեր կրնայ կատարել՝ երաշխաւորելու համար նահանգէն ներս արուեստներու ազատութեան պահպանումը, աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին նպաստելու ու այդ նպատակով Քալիֆորնիոյ իշխանութեանց որդեգրած առաջատարի դիրքը ամրապնդելու քայլերը՝ «ամերիկահայ դրացիներուն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու գործնական միջոց մըն է»։ Ան ըսած է. «Քալիֆորնիոյ իշխանութեանց օրինակը պէտք է ներշնչման աղբիւր ըլլայ մեծ ընկերութիւններուն»։
Միւս կողմէ, Հայ իրաւաբանական միութիւնը եւս նամակ մը յղած է «Քարուսօ Ըֆիլիէյթըտ» հաստատութեան փոխտնօրէն Ռիք Լեմոյին՝ շեշտելով, որ մարդկային տարրական իրաւանց պաշտպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ ոճիրներու ուրացումը դատապարտող ֆիլմի մը ծանուցումը արգիլելը՝ խտրական եւ քմայքային արարք մըն է, որ ցոյց կու տայ ընկերութեան անտարբերութիւնը քաղաքի հայ բնակչութեան նկատմամբ, որուն մեծ մասը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու շառաւիղներ են։ Նամակի աւարտին, Հայ իրաւաբանական միութիւնը այս հարցով հանդիպում մը կը խնդրէ հաստատութեան պաշտօնատարներուն հետ։
Հայ իրաւաբանական միութիւնը նման նամակ մը եւս յղած է Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարպետեանին, այս հարցով հանդիպում մը ունենալու խնդրանք ներկայացնելով նաեւ անոր։
Յիշեցնենք, որ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը եւս «Քարուսօ Ըֆիլիէյթըտ» հաստատութեան եւ անոր տնօրէն Ռիք Քարուսոյին նամակներ ուղարկած է՝ քննադատելով սոյն որոշումը եւ Քարուսոյէն պահանջելով, որ անյապաղ հանդիպում մը իրականացնէ Հայ Դատին եւ իր հաստատութեան պատասխանատուներուն միջեւ՝ հարցը անյապաղ լուծելու համար։
Հաստատութեան վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու նպատակով, Հայ Դատը սկսած է նաեւ նամակարշաւի մը, որուն միանալու համար՝ այցելել www.marchtojustice.org/issues/americana կայքէջը, միաժամանակ յանձնարարելով ձեր ազգականներուն ու բարեկամներուն նո՛յնը կատարել։