Եօթներորդ Վիրաւոր Զինուորը Արցախի Մէջ Վերանորոգուած Առանձնատուն Ստացաւ Թուֆենկեան Հիմնադրամին Կողմէ

Արցախեան ազատամարտի ընթացքին վիրաւորուած զինուոր Կամօ Դաւթեան, այսօր, Օգոստոս 11-ին, բնակարանամուտ նշեց Մարտունիի շրջանի Նոր Շէն գիւղին մէջ: Առանձնատունը վերանորոգուած է Թուֆենկեան հիմնադրամին կողմէ`«Վիրաւոր զինուորներուն բնակարանային ապահովում» ծրագիրին ծիրէն ներս: Ձեռնարկին մասնակցած են Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան եւ Մարտունիի շրջանի վարչակազմի, Թուֆենկեան հիմնադրամի, գիւղի համայնքի, ՀՅԴ «Մերուժան Մոսիյեան Կոմիտէ»-ի եւ տեղի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

2003 թուականէն ի վեր, Թուֆենկեան հիմնադրամը շարք մը ծրագիրներ իրականացուցած է Արցախին աջակցելու նպատակով: 2016 Ապրիլին, ի պատասխան Քառօրեայ պատերազմին, հիմնադրամը ֆոնտահայթայթման հրատապ արշաւ նախաձեռնեց պատերազմէն տուժած անձերուն օգնելու համար: Այս հրատապ դիմումին իբրեւ արդիւնք եղած դրամական միջոցներուն եւ անհատ նուիրատուներու յաւելեալ աջակցութեան շնորհիւ՝ Թուֆենկեան հիմնադրամը վերանորոգած կամ նոր տուներ գնած է 6 վիրաւոր զինուորի համար` երեքը Մարտակերտի, երկուքը Հադրութի եւ մէկը Ասկերանի շրջաններուն մէջ:

Հակառակ անոր, որ նախաձեռնութիւնը ի սկզբանէ միտուած եղած է Քառօրեայ պատերազմին մասնակցած զինուորներուն աջակցելուն, յետագային անիկա ընդլայնուած է՝ ներառելով բնակարանային կարիքներ ունեցող բոլոր այն զինուորներուն, որոնք վիրաւորուած են մարտի դաշտին վրայ եւ իբրեւ արդիւնք՝ ի զօրու չեն վերանորոգելու իրենց տուները կամ նոր բնակարաններ գնել: «Իր կեանքը մեր հայրենիքին համար վտանգած իւրաքանչիւր զինուոր արժանի է ապրելու արժանապատիւ կեանքով, որ անհնար է առանց բարեկարգ տան: Արցախի զինուորներուն համար տուներ կառուցելով, վերանորոգելով կամ նոր տուներ գնելով՝ մենք ոչ միայն կ՝աջակցին եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք այս խիզախ անձերուն եւ անոնց ընտանիքներուն, այլ նաեւ կ՝օգնենք քայլ առ քայլ վերակառուցելու Արցախը»,– բնակարանամուտի արարողութեան ընթացքին ըսած է Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան:

Կամօ Դաւթեան նախաձեռնութեան ծիրէն ներս ընդգրկուած եօթներորդ զինուորն է եւ Արցախեան 90-ական թուականներու ազատամարտի երկրորդ մանակիցը, որ Թուֆենկեան հիմնադրամէն ստացած է նոր կամ վերանորոգուած տուն: Ազատամարտի ընթացքին Կամոն միացած էր Նոր Շէնի ինքնապաշպանական խումբին եւ խիզախաբար կռուելով ծանր վնասուածք ստացած մարտերէն մէկուն ընթացքին:

Այժմ Կամոն 50 տարեկան է: Բնոյթով աշխատասէր Կամոն՝ մարտի դաշին մէջ կրած վնասուածքին պատճառով՝ այլեւս չի կրնար ֆիզիքական աշխատանք կատարել: Նոր Շէնի մէջ ան կ՝ապրի իր կնոջ եւ երկու դուստրերուն հետ: Հետեւելով հօր օրինակին, Կամոյի որդին՝ իբրեւ պայմանագրային սպայ՝ կը ծառայէ Արցախի պաշտպանութեան բանակին:

Մինչեւ վերանորոգումը, Կամոյի ընտանիքը կ՝ապրէր հին գիւղական տան մը մէջ, որ ոչ միայն անբարեկարգ վիճակի մէջ էր, այլ նաեւ չունէր լուացարան եւ խոհանոց: Հետեւաբար, ի յաւելումն ընդհանուր վերանորոգման աշխատանքներուն, հիմնադրամը կառուցած է խոհանոց, լուացարան եւ միջանցք` ընդլայնելով առանձնատունը՝ կցակառոյցի միջոցով:

«Երջանիկ եմ, որ վերջապէս այնպիսի տուն ունիմ, ուր մենք հպարտ պիտի ապրինք: Միակ ցանկութիւնս է, որ պատերազմի մէջ կռուած բոլոր ընկերներս իրենց գլխուն վրայ տանիք ունենան եւ ապրին իրենց սեփական տուներուն մէջ», – բնակարանամուտի ընթացքին ըսաւ Կամօ Դաւթեան:

Հակառակ անոր, որ 2016 թուականի արտակարգ իրավիճակը աւարտած է, Արցախի զինուորներու բնակարանային կարիքները դեռ լուծուած չեն: Հաշուի առնելով նմանատիպ օգնութեան կարիք ունեցող վիրաւոր զինուորներուն թիւը, հիմնադրամի այս նախաձեռնութիւնը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ:

Scroll Up