Մոսկուայի «Հայորդաց Տան» Սանուհիներն Արժանացան 1-ին Եւ 2-րդ Կարգի Վկայականներու
Օգոստոս 4-10 Աղուերանի մէջ իրականացուող Հայագիտական համահայկական 8-րդ ողիմպիականէն եւ ՀԱԵ պատմութեան մրցոյթէն Մոսկուայի «Հայորդաց տան» սանուհիներ Սոնա Սահակեան եւ Վարսիկ Չրիկեան վերադարձած են 1-ին եւ 2-րդ կարգի տիպլոմներով:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն, ողիմպիականին այս տարի կը մասնակցէր ՀՀ, Արցախի եւ աշխարհի եօթ երկիրներու աւելի քան 100 ներկայացուցիչ: Անոնք Հայաստանի մէջ էին` մրցելու հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ Հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան իմացութեամբ:
Վարսիկ Չրիկեանի եւ Սոնա Սահակեանի ուսուցչուհիները` Սուետլանա Միքայէլեան, Սիլվա Գիւլիշեան եւ Հայկուհի Չօբանեան, տեսնելով սանուհիներու աշխատասիրութիւնն ու գիտելիքները, համոզուած էին, որ պիտի վերադառնան յաղթանակած: Յաղթանակն առաւել սպասուած էր, քանի որ մէկօրեայ կրթօճախի սանուհիներն իրենց գիտելիքներով պիտի մրցէին ՀՀ, Արցախի, Իրանի հայկական հանրակրթական դպրոցներու սաներուն հետ:
«Համահայկական հայագիտական ողիմպիականին մասնակցութիւնը կեանքի իւրօրինակ փուլ մը կարելի է համարել, ուր գիտելիքով մրցելէ զատ մենք ձեռք բերինք նոր ընկերներ, տեսանք ու ճանչցանք օտար երկիր ապրող, բայց ամէն կերպ հայրենիքին կառչած մնացող մեր հասակակիցներուն, այցելեցինք շարք մը տեսարժան վայրեր եւ պիտի վերադառնանք Մոսկուա հայրենիքի սէրն ու ջերմութիւնը մեր սրտերուն մէջ»,- խօսելով մրցոյթէն ստացած տպաւորութիւններուն մասին ` ըսաւ Սոնա Սահակեան:
Սոնայի եւ Վարսիկի պատասխանները, իրարու հետ հայերէն շփուիլը հիացուցած է ոչ միայն ժիւրիին, այլեւ զարմացուցած միւս պատուիրակներուն: Յատկանշական է, որ անոնց պատասխաններով եւ գրագէտ խօսքով հիացած են Իրանի եւ շարք մը այլ երկիրներու պատուիրակներ, իսկ Ռոստովի ներկայացուցիչ ուսուցչուհին կասկած յայտնած է, որ Մոսկուայի «Հայորդաց տունը» չի կրնար մէկօրեայ դպրոց ըլլալ, քանի որ ներկայացուցիչները անասելի բանիմաց եւ պատրաստուած են: Որքան ալ տարօրինակ հնչէ, սակայն ուսուցչուհիին նմանօրինակ գնահատականը «Հայորդաց տան» լաւագոյն բնորոշումներէն է:
«Իմանալով մրցոյթին մասին` ես սիրով եւ ոգեւորութեամբ սկսայ պատրաստուիլ մասնակցութեան: Անհանգստութիւնս, յուզմունքս բաւական մեծ էր, բայց մեծ էր նաեւ «Հայորդաց տուն»-ը ըստ արժանուոյն ներկայացնելու ցանկութիւնն ու պատասխանատուութեան զգացումը: Այնչափ ուրախ եմ, որ յաղթանակած վերադառնալու ջանքերս արդարացուեցան եւ դարձայ 2-րդ մրցանակակիր: Սա իւրօրինակ փորձութիւն մըն էր, ուր պէտք է յաղթէր գիտելիքը եւ ուրախ եմ, որ մրցոյթը իրականացուեցաւ անաչառ եւ իւրօրինակ խթան դարձաւ գիտելիքներու աւելացման համար: Բացի այդ, մենք նոր ընկերներ, ծանօթութիւններ ձեռք բերինք` վերահաստատելով միտքը, որ բոլորիս միաւորողն ու հայ պահողը հայրենիքն է»,- ըսաւ Վարսիկ Չրիկեան:
Սանուհիներուն ուղեկցող ուսուցչուհիին` Արուսեակ Պապիկեանին մրցոյթին ընթացքին մօտեցած, սանուհիներուն հանդէպ իրենց հիացմունքը յայտնած են թէ կազմակերպիչները, թէ այլ մասնակիցներ` ըսելով, որ անոնք կը մասնակցին երկու սանուհիով, բայց գիտելիքներով զինուած, պարով եւ ասմունքով փայլող մասնակիցներով:
Մրցոյթին ընթացքին մասնակիցները այցելած են Հայաստանի շարք մը տեսարժան վայրեր, ինչպէս նաեւ հանդիպած ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հետ: Նախարարը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի գիտակրթական համակարգին մէջ իրականցուող ծրագիրները, որոնք միտուած են կրթութեան որակի բարձրացման:
Սոնա Սահակեանի` ՀԱԵ պատմութեան մրցոյթէն` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին կողմէ տրուած 1-ին կարգի եւ Վարսիկ Չրիկեանի` ՀՀ ԿԳ նախարարութեան 2-րդ կարգի տիպլոմներն օրինակ կը դառնան իրենց դասընկերներուն` երկու տարին մէկ պարբերականութեամբ իրականացուող ողիմպիականին յաղթարշաւը շարունակելու եւ Մոսկուայի «Հայորդաց տուն»-ը ըստ արժանուոյն ներկայացնելու համար: