Շառլ Ազնաւուր Համերգներ Կ’ունենայ Եւրոպայի Ու Աւստրալիոյ ՄԷջ

Աշխարհահռչակ հայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրը յառաջիկայ ամիսներուն համերգներով հանդէս պիտի գայ Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ մէջ:
Անոր պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք, որ հոկտեմբեր 4-ին ան համերգ պիտի ունենայ Սիտնէի ` Hordern Pavilion-ի մէջ, նոյեմբեր 13-ին` Միլանի Arcimboldi թատրոնին մէջ, դեկտեմբեր 9-ին` Վիեննայի «Վիներ Շտադթհալէ» համերգասրահին մէջ, դեկտեմբեր 13-ին` Փարիզի մարզական պալատին մէջ: