Ֆրանսայի` Տարբեր Ազգութիւններ Ներկայացնող Բնակիչներու Նուիրաբերութիւնը Հայկական Գիւղին

Վիրաբեաններու տան բակին մէջ` հաւնոցի կողքին, յատուկ տարածք առանձնացուած է չոր փայտի համար: Հինգ հոգիէ բաղկացած ընտանիքի անդամները ստիպուած են բոլորով նոյն օրը լողանալու, որպէսզի փայտերու մեծ քանակ վառելու եւ ջուր տաքցնելու գործընթացքը զուր չանցնի: Տան մէջ կազ կայ, սակայն գրեթէ չեն օգտուիր` թանկ ըլլալուն պատճառով: Վիրաբեանները Տաւուշի մարզի Խաշթառակ գիւղի 570 ընտանիքներէն ընտրուած 50-ին մէջ կը մտնեն, որոնք շուտով արդէն ստիպուած չեն ըլլար ծառ կտրելու` տաք ջուր ունենալու համար, այլ այն կ’ունենան անմիջապէս արեւէն: Երկու ամսուան ընթացքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի եւ «Արփի Սօլար» ընկերութեան համագործակցութեան շնորհիւ պիտի ստանան արեւային ջրատաքացուցիչներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հիմնադրամէն, Խաշթառակի գիւղապետ Անդրանիկ Վիրաբեան ծրագիրին մասին խօսելուն կ’ըսէ․ «Տաւուշի մէջ արեւ շատ կայ, եւ հիանալի է, որ մենք շուտով պիտի կարենանք լիովին օգտուիլ ատկէ: Օգտուելով բնութեան մէկ բարիքէն` արեւէն, մենք կը դադրինք վնասել բնութեան միւս բարիքը` ծառը: Խաշթառակցին այլեւս ստիպուած չըլլար փայտով կրակ վառելու եւ ջուր տաքցնելու»:
Խաշթառակն արեւային ջրատաքացուցիչ կայաններ կը ստանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնին կողմէ Ֆրանսայի մէջ իրականացուած crowdfunding տիպի դրամահաւաքի միջոցով: Ֆրանսայի` տարբեր ազգութիւններ ներկայացնող բնակիչները հայկական գիւղի ուժանիւթի ծրագիրին համար 70000 եւրօ գումար նուիրաբերած են:
Խաշթառակը հեշտութեամբ կրնայ համարուիլ Հայաստանի Հոլիւուտը. հէնց այս գիւղին մէջ նկարուած են «Հայֆիլմ» ֆիլմի արուեստանոցի «Մենք ենք, մեր սարերը» եւ «Տղամարդիկ» շարժանկարները: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը շուրջ 10 տարի ներդրումներ կը կատարէ գիւղին մէջ: Հիմնադրամի աջակցութեան շնորհիւ գիւղն ունի տեխնոլոգիապէս հարուստ բուժարան եւ վերանորոգուած դպրոց: