«LOT» Օդանաւային Ընկերութեան Ուղեւորներուն Մէկ Ամիս Կը Բաժնուի Հայաստանի Գրաւչութիւններուն Մասին Պատմող Ամսագիր

Լեհական «LOT» օդանաւային ընկերութեան պատկանող «Kaleidoscope» ամսագիրի օգոստոսեան համարին մէջ, որուն գլխաւոր թեման Հայաստանն է, հրապարակուած է Հայաստանի, հայ ժողովուրդի մշակոյթի եւ խոհանոցի մասին ծաւալուն յօդուած:

Ամսագիրը մէկ ամիս շարունակ անվճար պիտի բաժնուի  լեհական օդանաւային ընկերութեան բազմահազար ուղեւորներուն, պիտի տեղադրուի Լեհաստանի տարբեր օդակայաններու մէջ` տեղեկատուութիւն տրամադրելով Հայաստանի եւ երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւններուն մասին, կը գրէ Արմէնփրես:

Scroll Up