Վանի Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Արտաքնոց Կառուցելու Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարան Կը Հասնի

Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, իշխանութիւններէն բացատրութիւն պահանջած է Վանի Արտամէտ շրջանի հայկական գերեզմաննոցին վրայ հանրային արտաքնոցներ եւ հանդերձարաններ կառուցելու ծրագիրին վերաբերեալ:
Ermenihaber.am կը հաղորդէ, թէ իշխանութիւններուն տարած այս գործողութիւնը խիստ քննադատութեան արժանացած է քեմալական կուսակցութեան Իզմիրի պատգամաւոր Մուրատ Պաքանի կողմէ, որ հարցը հասցուցած է խորհրդարան:
Ըստ թրքական «Պիրկիւն» թերթի կայքին՝ Պաքան մշակոյթի նախարար Նուման Քուրթուլմուշէն եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մեհմետ Էօզհասեքէն պատասխան ստանալու ակնկալիքով գրաւոր հարցադրում կատարած է՝ խորհրդարանին խողովակով։
Քուրթուլմուշին ուղղուած հարցադրումին մէջ նշուած է, թէ արդեօք Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը արտօնութիւն շնորհա՞ծ էր արտաքնոցներ կառուցելու վայրի մը մէջ, ուր, գիտնականներու գնահատումով՝ պատմական արժէք ունեցող նիւթեր կան, իսկ եթէ այդ հարցադրման պատասխանը բացասական է, արդեօք հետաքննութիւն սկսա՞ծ է այն պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք արտօնած են այս ծրագիրին իրականացումը։
Նշենք, որ այդ տարածքին մէջ կը գտնուի նաեւ Տիլքայա պատմական բլուրը, ուր յայտնաբերուած են ուրարտական ժամանակներէ հնութիւններ։ Այս գծով, Պաքան իր հարցադրման մէջ ըսած է. «Ձեր նախարարութիւնը ինչպիսի՞ միջոցներու ձեռնարկած է Տիլքայա բլուրը պաշտպանելու եւ զայն ապագայ սերունդներուն փոխանցելու համար»: