ԵԱՀԿ Առաքելութիւնը Վաղը Շփման Գիծի Հերթական Դիտարկում Կ’իրականացնէ

ԵԱՀԿ առաքելութիւնը վաղը` օգոստոս 9-ին Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի հերթական դիտարկում կ’իրականացնէ Ասկերանի շրջանի ուղղութեամբ` Ակնա-Հինդարխ ճանապարհահատուածին վրայ:

Ըստ Արցախի արտաքին գերատեսչութեան հաղորդագրութեան, Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն  յայտնած են աջակցելու դիտարկման իրականացման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը:

 

Scroll Up