Հայկական Զինուած Ուժերը Հայ-ատրպէյճանական Սահմանի Ողջ Երկայնքով Որեւէ Զինատեսակէ Չեն Կրակած. ՀՀ ՊՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կոչ կ՝ընէ զերծ մնալու նոր արկածախնդրութիւններէն, ինչպէս նաեւ կը նախազգուշացնէ, որ որեւէ սադրանքի պարագային հայկական կողմը պիտի դիմէ պատասխան կոշտ գործողութիւններու: Այս մասին նշուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Երէկ երեկոյեան ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած էին, թէ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակած են ատրպէյճանական Գարալար գիւղի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է 13-ամեայ երեխայ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ վերը նշուած տեղեկութիւնը եւ կը յայտարարէ, որ երէկ երեկոյեան եւ անցեալ գիշերուան ընթացքին հայկական զինուած ուժերը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով, որեւէ զինատեսակէ չեն կրակած: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մէկ անգամ եւս կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը երբեք եւ որեւէ պարագայի նշանառութեան տակ չեն վերցներ խաղաղ բնակավայրերը:

Ատրպէյճանական քարոզչամեքենային կեղծիքը ի յայտ կու գայ նոյնիսկ իրենց տարածած լուսանկարներուն մէջ, ուր պարզ կ՝երեւի, որ երեխային վէրքերը ակնյայտօրէն հին են եւ որեւէ կապ չեն կրնար ունենալ իբր թէ Օգոստոս 7-ին ստացած բեկորային վնասուածքներու հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կոչ կ՝ընէ զերծ մնալու նոր արկածախնդրութիւններէն, ինչպէս նաեւ կը նախազգուշացնէ, որ որեւէ սադրանքի պարագային հայկական կողմը պիտի դիմէ պատասխան կոշտ գործողութիւններու»:

Scroll Up