Վրաստանի եւ Հայաստանի Սահմանամերձ Շրջաններու Զբօսաշրջական Ուղեցոյց Տպագրուած է

Գիրքով մը ներկայացուած է Վրաստանի` Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Հայաստանի` Շիրակի շրջաններու յուշարձաններու հաւաքածուն: Զբօսաշրջիկներուն համար ուղեցոյցը կազմուած է երեք լեզուներով` անգլերէն, հայերէն եւ վրացերէն: Անիկա կ՝օգնէ զբօսաշրջիկներուն ուղեւորութիւն ծրագրաւորելու դէպի հարեւան երկրի սահմանամերձ շրջաններ: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։
Գիրքը երկկողմանի է, մէկ մասը յատկացուած է Սամցխէ-Ջաւախքի բոլոր պատմական յուշարձաններուն, եկեղեցիներուն եւ վանքերուն, թատրոններուն, թանգարաններուն, ժողովրդական տօներուն, զբօսաշրջական տնտեսութիւններուն, տեղի խոհանոցին, դրամատուներուն, հիւրանոցներուն, շրջանի արգելանոցներուն, հանգստատեղիներուն եւ այլ կարեւոր վայրերու ցուցակներուն:
Գիրքի յաջորդ մասին մէջ տպուած է նոյն տեղեկութիւնը Շիրակի շրջանին մասին: Իսկ յստակ, Մարալիկ եւ Գիւմրի քաղաքներու եւ շրջանի գիւղերու պատմական յուշարձաններու եւ վերը թուարկած ցուցակը:
Զբօսաշրջային ուղեցոյցը լոյս տեսած է «Երիտասարդ ճանապարհորդները» ծրագիրին ծինրէն ներս, որ նիւթական աջակցութիւն ստացած է Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան տարածաշրջանային համագործակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս եւ կ՝իրականացուի գործընկեր հասարակական կազմակերպութիւններու` «Համայնքային զարգացման եւ հասարակական աջակցութեան կեդրոն»-ի(Հայաստան) եւ «Քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու ընկերակցութիւն» (Վրաստան) կողմէ: