Արցախը Բարձր կը Գնահատէ ԼՂ Հակամարտութեան Հարցով Իրանի Հաւասարակշռուած Դիրքորոշումը. Դաւիթ Բաբայեան

Իրանը արցախեան հակամարտութեան խնդիրով ի սկզբանէ ցուցաբերած է կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում, եւ Արցախը բարձր կը գնահատէ նմանօրինակ դիրքորոշումը: Իրանը 1990-ականներուն ընդհուպ հանդէս եկած է աշխոյժ միջնորդական առաքելութեամբ:

Այժմ այդ առաքելութիւնը կարծես կրաւորական փուլի մէջ է, բայց աշխոյժ  կը մնայ Իրանի դերակատարութիւնը տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ: Panorama.am-ի թղթակցին հետ զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին ըսած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի այն յայտարարութեան, որ Թեհրանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ տարածաշրջանի, մասնաւորապէս` սահմանակից շրջաններու մէջ լիարժէք անվտանգութեան հաստատման, եւ որ Արցախեան հակամարտութիւնը միայն պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով:

«Արցախեան հակամարտութիւնը այդ աշխարհաքաղաքականութեան մէկ բաղադրիչն է, ոչ թէ առանձին վերցուած խնդիր: Հետեւանբար, Իրանը ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ քաղաքական գործընթացներու վրայ: Թեհրանը մշտապէս հանդէս եկած է հակամարտութեան  խաղաղ կարգաւորման օգտին, բացառած պատերազմը եւ ուժի կիրառումը: Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ կը բխի նաեւ Իրանի շահերէն: Այդ երկիրն է, որ անմիջապէս սահամանակից է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Արցախին, ե՛ւ Ատրպէյճանին»,- ըսած է Բաբայանը:

Անոր խօսքով, Իրանը հրաշալի կերպով կը հասկնայ, որ տարածաշրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմը զինք, կամայ թէ ակամայ, պիտի դարձնէ հակամարտութեան մասնակից:

«Այդպէս եղած է 1991-1994 թուականներուն, երբ Ատրպէյճանը ապօրինի կերպով օգտագործած է Իրանի տարածքը, այդպէս եղած է ապրիլեան պատերազմի ժամանակ, երբ հրթիռակոծած է Իրանի տարածքը` ի հարկէ յետոյ յայտարարելով, որ պատահաբար եղած է»,- ամփոփած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղարը:

Scroll Up