Թիֆլիսի Թումանեանի Տունը Վերստին Բացած է Իր Դռները

Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան վերջին բնակարանին մէջ` Ամաղլեբա փողոցի թիւ 18 տան մէջ, Օգոստոս 5-ին կայացած է «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական, մշակութային կեդրոնին բացումը` նոր էջ դառնալով հայ-վրացական մշակութային կապերու տարեգրութեան մէջ:

Պատմական այս իրադարձութեան հենքը 100-ամեայ վաղեմութեան Մեծն Թումանեանի տան թիֆլիսահայ համայնքին վերադարձն էր, ուր ժամանակին սիրով հիւրընկալուած են  Աղայեանն ու Կոմիտասը, Շիրվանզադէն, Իսահակեանը, Փափազեանը, Մառը, Իաշվիլին, Տաբիձէն, Գրիշաշվիլին, Պրիւսովը եւ  ուրիշներ, ուր կազմակերպուած են գրական զրոյցներ, ընթերցումներ, ասուլիսներ, տպագրուած եւ անտիպ երկերու  քննարկումներ, ուսումնասիրուած են հայ, վրացի  եւ համաշխարհային գրականութեան նմոյշներ:

Վրաստանի անկախացումէն յետոյ, հայ համայնքէն օտարուած Ամենայն հայոց բանաստեղծի տան ճակատագիրը օրհասական էր.  մասնաւոր սեփականատիրոջ պատկանող չգործող գրադարանային հատուած եւ ժառանգներուն մնացած կիսափուլ  բնակարան:

Թումանեանի տունը իր օրինական սեփականատիրոջ յանձնուեցաւ Հայաստանի գրողներու  միութեան նախկին նախագահ երջանկայիշատակ Լեւոն Անանեանի անդուլ ջանքերով, որուն աջակից դարձան Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ, այժմ  ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Ղուկասեանը եւ  IdeA հիմնադրամի համանախագահ Ռուբէն Վարդանեանը: Ամբողջական տեսքով Վիրահայոց թեմին նուիրաբերուած տան վերանորոգութիւնը, բարեկարգումը եւ կահաւորումը իրականացուեցաւ  Ճինիշեան յիշատակի եւ IdeA հիմնադրամներու եւ թեմի միջոցներով:

Անճանաչելի տեսք ստացած Յովհաննէս Թումանեանի տան բացման հանդիսութեան մասնակցած են Մայր Աթոռի պատուիրակութիւնը, Վրաստանի, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական, քաղաքական  գործիչներ, դիւանագէտներ, հիւրեր Ռուսիոյ Դաշնութենէն եւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներէ ու շրջաններէ, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, թիֆլիսահայ մտաւորականներ:

Կեդրոնի բացման արարողութիւնը սկսած է հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ Յովհաննէս Թումանեանի շիրիմին ծաղկեպսակի զետեղումով եւ Վիրահայոց թեմի ու Տաւուշի թեմի առաջնորդներու նախագահութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան կարգով:

«Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական, մշակութային կեդրոնի  ժապաւէնը կտրած են ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Ղուկասեանը, IdeA հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Էդգար Մանուկեանը, Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամի ԱՄՆ-ի մայր գրասենեակի գործադիր տնօրէն Էլզա Մանասեանը: Հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ նորաբաց կեդրոնին մէջ կատարուած է  տնօրհնէքի արարողութիւն:

«Յովհաննէս-Թումանեանի տուն» գիտական, մշակութային կեդրոնի գործունէութեան  եւ ապագայի ուղենիշներու մասին բանախօսութեամբ հանդէս եկած է  կեդրոնի տնօրէն Գիսէ Յովսէփեանը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան եւ  բարեմաղթանքի ուղերձը  ընթերցած է Մայր Աթոռի պատուիրակութեան ղեկավար, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բագրատ եպիսկոպոս  Գալստանեանը, ներկայացուած են ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եուրի Վարդանեանի շնորհաւորագրերը:

Տունը համայնքին վերադարձնելու եւ  վերանորոգչական ու  բարեկարգման աշխատանքներու վաւերագրութիւնը ցուցադրուած է տեսաֆիլմի միջոցով:

Այնուհետեւ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանը, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, Լեւոն Անանեանի որդին` «Արմէնփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեանը, Վրաստանի գրողներու միութեան նախագահ Մաղուալա Կոնաշվիլին, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեանը, բանաստեղծ-թարգմանիչ Գիւի Շահնազարը, վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեանը:

Ապա, Ամենայն հայոց բանաստեղծին տունը ազգային նպատակներու ծառայեցնելու առիթով՝ շնորհաւորանքի խօսք ըսած են բարերարները, նուիրատուները:

Մենակատարուհի Աննա Բադալեանի երգը,  Լիզա Թորոսեանի եւ Լեւոն Չիդիլեանի ասմունքը, Ժաննա Դաւթեանի խամաճիկի  համադրութեամբ փոխանցած են այն չմարող սէրը, որ կը տածէ ժողովուրդը իր մեծ բանաստեղծի նկատմամբ:

Հանդիսութիւնը ամփոփած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդը: Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան երախտագիտութեան խօսքեր ուղղած է բոլոր բարերարներուն, աջակիցներուն` ազգանուէր գործ կատարելու եւ Թումանեանի պատմական տունը թիֆլիսահայ համայնքին վերադարձնելու համար եւ նուիրած է թիֆլիսահայ հանրածանօթ նկարիչներ Մերուժան Շահումեանի եւ  Թենկիզ Միկոյանցի գործ նկարներէն:

Ուշագրաւ է, որ դատարկաձեռն չէին ներկայացած նաեւ հիւրերը: Կեդրոնին բացումը նուէրներով  շնորհաւորած են «ՋԱՀ»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեանը, մոսկուայաբնակ Լամարա Աթոյեանը, թիֆլիսաբնակ Մերուժան Շահումեանը, Թենկիզ Միկոյանցը, Վալիքօ Առաքէլեանը եւ ուրիշներ:

Մեծն Թումանեանի տան հարիր նորաբաց կեդրոնին մէջ, այսուհետեւ պիտի ծաւալի գրական, գիտական, կրթամշակութային գործունէութիւն, սրահներէն մէկը պիտի կրէ Լեւոն Անանեանի անունը, ուր տեղի պիտի ունենան հայ եւ վրացի գրողներու հանդիպումներ, գիրքերու  քննարկումներ, կեդրոնին մէջ  պիտի ստեղծուի ազգագրութեան ուսումնասիրութեան եւ զարգացման, արուեստի գործիչներու մշակութային կապերու օճախ, տիկնիկային թատրոն, ՀԲԸՄ վերացական համալսարանի մասնաճիւղ, վիրահայութեան հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան թանգարան, գրադարան:

Scroll Up