Արեւմտեան Հայաստանի Մեր Յուշարձանները Թուրքերը Արօտավայրերու եւ Թռչնաշուկայի Վերածած են. Մինասեան

Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիները անմիթար վիճակի մէջ են:
Այսօր, ըստ Panorama.am-ի, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, այս մասին խօսած է ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեանը` անդրադառնալով պատմութեան բաժանմունքի ուխտագնացութեան Արեւմտեան Հայաստան:
«Ասիկա մեր հերթական այցելութիւնն էր Արեւմտեան Հայաստան, որուն ընթացքին ալ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, պատմութեան բաժանմունքի շրջանաւարտներուն յանձնեցինք իրենց վկայականները:
Մենք իսկապէս ուխտի կ՝երթանք` նպատակ ունենալով այցլելու հինաւուց պատմական յուշարձանները, եկեղեցիները: Պատմական հայրենիքի մէջ շրջանաւարտներուն աւարտական վկայականներու յանձնումով կ՝ուզենք ցոյց տալ, որ հայրենիքի Արեւմտեան հատուածը ազատգրուած չէ եւ պէտք է ազատագրուի իրենց եւ իրենց սերունդներուն միջոցով»,- նշած է Մինասեանը:
Ան պատմած է, որ մեկնած են 70 հոգինոց խումբով, ուր բացի հայրենասիրական եւ պատմաճանաչողական նպատակէն, կ՝ուզեն ամրապնդել երիտասարդներու մէջ տարածքներուն ետ վերադարձի գաղափարը:
«Մեծ մասամբ անմխիթար վիճակ էր, տեղեր կային, որ արօտավայրերու վերածուած էին, թռչնաշուկայի, միայն UNESCO-ի ցանկին վրայ ընդգրկուած Անիի եկեղեցին էր, որ ստիպուած կը հետեւէին վիճակին: Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին որոշ չափով վերականգնած էին, սակայն թրքական ոճը խառնած էին հայկականին: Իսկ Սուրբ Աղթամար եկեղեցին վերածուած էր թանգարանի, թէեւ մոմ վառելու հնարաւորութիւն գտանք: Ոսկի գտնելու նպատակով թուրքերը քանդած, աւերած էին պատմական մեր յուշարձանները»,- մանրամասնած է ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի ղեկավարը:
Այցելութեան մասնակցած շրջանաւարտ Գեղամ Ասատրեանը կարեւոր համարած է այցը` ըսելով, որ անիկա շրջանաւարտներուն համար շատ սպասուած էր. «Տպաւորութիւնները երկակի էին, նախ աչքիդ առաջ կու գայ ազգային ազատագրական պաքարի իւրաքանչիւր հատուած, ամէն քայլափոխի երգելով կարօտ կ՝ապրէինք, միւս կողմէ ալ` յուշարձաններուն անմխիթար վիճակը, պատմութեան խեղաթիւրումը: Նկատելի էր, որ մեր յուշարձաններուն հասցուած վնասները շատ անգամ միտումնաւոր եղած են»: