Ֆիլմի Մրցոյթ` Նուիրուած Ստեփանակերտին

ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը կը յայտարարէ Ստեփանակերտին նուիրուած ֆիլմերու մրցոյթ:

Մրցութային աշխատանքները գնահատելուն  հաշուի կ’առնուին գաղափարը, բեմադրական եւ լուսանկարչական կազմակերչակական աշխատանքը, կատարման որակը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` մասնակցութեան համար անհրաժեշտ է ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան էլ.  փոստին (mincult.nkr@gmail.com) ուղարկել մրցոյթին մասնակցութեան յայտը եւ մրցութային աշխատանքը`  հեղինակի մասին տեղեկութիւններով:

Մրցութային ֆիլմերուն ներկայացուող պահանջները հետեւեալն են.

Տեւողութիւնը` մինչեւ 5 վայրկեան, Անուանումը` հեղինակի ընտրութեամբ:

Յայտերը կ´ընդունուին մինչեւ ս.թ. օգոստոս 31:

Լաւագոյն ճանչցուած ֆիլմը կ’արժանանայ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան յատուկ մրցանակին:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար զանգահարել (097) 21 79 21 հեռախօսահամարով:

 

Scroll Up