Ուխտագնացութիւն եւ համայնքային պտոյտ դէպի Վարպուրկի Ասորի-Ուղղ. Ս. Յակոբ Սարուքացու Վանք

30 Յուլիս Կիրակի օրը Տ. Հրաչ Քհնյ. Պիլիճիեանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն մը դէպի Վարպուրկի Ասորի-Ուղղ. Եկեղեցւոյ Առաջնորդանիստ Ս. Յակոբ Սարուքացու Վանք, որուն մասնակցեցան Քէօլնի Հայ Համայնքէն եւ շրջակայքէն մօտ 70 ուխտաւորներ: Նախ վանքի մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայկական Սբ. Պատարագ, որու աւարտին տեղի ունեցաւ մասնաւոր աղօթք ցեղասպանութեան յուշարձանի առջեւ, հայ եւ ասորի ժողովուրդներու նահատակ եւ զօհերու յիշատակին: Ապա մասնակիցները առիթն ունեցան միասին ճաշելու, վանքը այցելելու եւ նաեւ հանդիպելու ու ծանօթանալու Առաջնորդ Մաթիաս Նայիս Սրբազան Հօր: