Գարագասի Հայ Կեդրոնի Գրադարանը Ամբողջութեամբ Մաքրագործութեան Ենթարկուեցաւ

Թէեւ փոքր Գաղութ ըլլալով, Վենեզուելայի Հոգեւոր Տեսչութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող Հայ Կեդրոնի յարկէն ներս գոյութիւն ունի գրադարան մը, որ կը պարունակէ հայ եւ օտար հեղինակներու կողմէ գիրքեր, որոնք տարիներու ընթացքին Գաղութի ծխայիններու, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններու կողմէ, գիրքեր նուիրուած են Հայ Կեդրոնին, որպէսզի անոնք որոնք կը փափաքին ընթերցել, գան եւ օգտուին այդ առիթէն։ Սակայն, դժբախտաբար, գիրք մը երբ չօգտագործուիր, բնականաբար ցեցերու միջոցաւ կը փճանայ ու իր պարունակէն դուրս կու գայ։
Առիթը յարմար նկատելով, Գաղութիս Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան մտայղացում ունեցաւ ու անմիջապէս գործի լծուեցաւ Վենեզուելայի Հոգեւոր Տեսչութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող Հայ Կեդրոնի Գրադարանը ամբողջութեամբ մաքրագործելու աշխատանքին։ Առ այդ, արդէն ամիս մըն է, որ Հոգշ. Հայր Սուրբը, լծուած է աշխատանքի եւ գործը հասցուցած՝ իր աւարտին, իւրաքանչիւր գիրքի մաքրութիւնը կատարելով, զատելով եւ տեղադրելով յարմար ու ըստ պատշաճի դարակներուն մէջ, որպէսզի երբ անհատ մը ներկայանայ, ինքզինք իսկապէս զգայ Գրադարանէ մը ներս։
Վենեզուելայի Հոգեւոր Տեսչութիւն