Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցած Է Կիւլպէնկեանի տարեդարձի Ձեռնարկներուն

Հինգշաբթի 20 Յուլիսին, Կիւլպէնկեան Հիմնարկը, որ հաստատուած է հայ մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ, տօնեց իր հիմնադիրին տարեդարձը, ամբողջ օրուան մը վրայ երկարող ձեռնարկներով։ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան Կիւլպէնկեան Հիմնարկի հիւրն էր։

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին նախաճաշի շուրջ հանդիպում մը ունեցաւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի նախագահ Տիկ. Իզապէլ Մոթայի հետ, քննարկելով Հայ Եկեղեցւոյ եւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ մեծ բարերարի ծննդեան 150-ամեակի տօնակատարութիւնները։ Նախաճաշին ներկայ էր նաեւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան։

Օրուան ընթացքին Սրբազան Հայրը Հիմնարկի նախագահին եւ Տնօրէններու Խորհուրդի անդամներուն հետ մասնակցեցաւ Հիմնարկի գեղեցիկ պարտէզին մէջ գտնուող Գալուստ Կիւլպէնկեանի յուշարձանին ծաղկեպսակի զետեղման արարողութեան։ Ապա Վահան Սրբազան Մայր Տաճարին մէջ նախագահեց յատուկ հոգեհանգստեան արարութեան, ուր ան խօսք առնելով ընդգծեց բարերարի կատարած բարի գործերը։

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ մը, կատարողութեամբ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի նուագախումբին, որուն ընթացքին մրցանակներ բաշխուեցան զանազան անձերու, որոնք աշխարհի տարածքին արդարութեան եւ ազատութեան համար պայքարած են։ Այս համերգին եւ
մրցանակաբաշխութեան ներկայ էր նաեւ Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Պրն. Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սուսա: Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը հաղորդեն  Ֆրանսայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանէն:

Scroll Up