Ս. Էջմիածնէն Երկու Սարկաւագներ Ժամանեցին Փարիզ

Կիրակի 23 Յուլիսին Ս. Էջմիածնէն Փարիզ ժամանեցին երկու սարկաւագներ եւ արդէն իսկ լծուեցան իրենց փորձառական աշխատանքին, Առաջնորդարանի գրասենեակներուն մէջ։ Շաւարշ եւ Նարեկ սարկաւագները նշանակուած էին Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեանի կողմէ եւ հրաւիրուած էին Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի կողմէ իրենց փորձառական աշխատանքային շրջանը անցընելու Ֆրանսայի թեմէն ներս։ Երկու սարկաւագները պիտի օգնեն Փարիզի թեմական գրասենեակին եւ պիտի բնակին Իսի Լէ Մուլինոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովուատան մէջ։ Անոնք պիտի այցելեն նաեւ Մարսէյի մեր ծուխերը ու հաւանաբար նաեւ այլ ծուխեր Ֆրանսայի թեմէն ներս, ըստ հոգեւոր հովիւներու եւ ծխական խորհուրդներու սպասումներուն։
Սարկաւագները պիտի մասնակցին նաեւ թեմի զանազան դաստիարակչական ծրագիրներուն, ինչպէս՝ Ս. Գիրքի սերտողութիւն, երիտասարդաց հանդիպումներ։ Ուրբաթ 4 Օգոստոսի ժամը 20-ին անոնք Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ պիտի դասախօսեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մասին։ Բարի գալուստ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք երկու սարկաւագներուն իրենց փորձառական շրջանին համար։ Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդեն Ֆրանսայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանէն: