102 Տարի Առաջ Թուրքիա Ապրող Ալեւիներուն Ի Պահ Տրուած Հայելին Վերադարձաւ Հայաստան

Գերմանիոյ մէջ բնակող ալեւի Հասան Տուինը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկին փոխանցեց հայելի մը, որ 1915 թ. յայտնուած էր անոր մեծհօր մօտ:
Ինչպէս կը յայտնեն Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն, ծնունդով պատմական Երզնկայէն Հասանը կը պատմէ, որ փայտէ պատեանով հայելին իր Հասան պապին հայերուն նակատմամբ իրականացուող կոտորածներուն ընթացքին ի պահ տուած են բռնագաղթի ենթարկուած հարեւան հայերը` յոյսով, որ գուցէ օր մը ետ վերցնեն իրենց իրերը:
Սակայն ինչպէս յայտնի է, Երզնկայի հայութիւնը թրքական վայրագութիւններէն առաւելապէս տուժած շրջաններէն է: Երզնկայի հայութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ տեղահանուած եւ գազանաբար սպաննուած է, ձերբակալուած եւ գնդակահարուած է նաեւ տեղի մտաւորականութիւնը:
1915 թ. մայիսին թրքական իշխանութիւններու հրահանգով տեղահանուեցաւ Երզնկայի հայութիւնը, որուն մեծ մասը սպաննուեցաւ Կամախի (Քեմահ) կիրճին մէջ: Շատ քիչերը յաջողեցան պատսպարուիլ մօտակայ լեռներուն ու անտառներուն մէջ:
Հասանը մանկութենէն իմացած է, որ իրենց տան մէջ հայերուն պատկանած իրեր կը պահպանուին: Աւելի ուշ իրերը բաժնուած են ընտանիքի անդամներուն միջեւ, իսկ Հասանին հասած է փայտէ շրջանակով հասարակ հայելին: Հայելիի փայտէ շրջանակին վրայ ձեռագործ նախշազարդեր կան: Հօր մահէն յետոյ Հասանը տեղափոխուած է Գերմանիա եւ հետը վերցուցած նաեւ հայելին: Անոր միշտ հետաքրքրած է, թէ որուն կը պատկանի այդ իրը կամ ողջ են արդեօք հայելիի տիրոջ հարազատները:
Հասանը անցեալ տարի եկած է Հայաստան, այցելած Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ հէնց այդ ժամանակ որոշում կայացուցած է հայելին յանձնել թանգարանին:
«Հայելին դրուած էր մեր տան մէջ: Բոլոր հիւրերուն մենք կը պատմէինք ատոր պատմութիւնը: Երբեմն ամենատարբեր ազգութեան տէր մարդիկ կ’արտասուէին: Սա խղճի խնդիր է, եւ ինչպէս Վիքթոր Հիւկոն ըսած է, խիղճը մարդու մէջ Աստուածն է», – կը պատմէ Հասան Տուինը եւ կոչ կ’ընէ իր հայրենակիցներուն հայերուն պատկանած իրերը փոխանցել Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին:
ՀՑԹԻ գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեան այս փաստը կը համարէ եզակի. «Սա աննախադէպ երեւոյթ է, քանի որ մինչ այդ թանգարանին նուիրատուութիւն կատարած են միայն ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգները` փոխանցելով իրենց ընտանիքներուն պատկանած մասունքները»: