«Գառնի» եւ «Զուարթնոց» Արգելոց-Թանգարաններուն ՄԷջ Մուտքի Տոմսերու Նոր Սակագին Սահմանուած Է

Օգոստոս 1-էն «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի մշտական այցելութեան ցուցադրութեան տոմսի արժէքը ՀՀ քաղաքացիներուն համար սահմանուած է 500 ՀՀ դրամ, օտարերկրացիներուն համար` 1500 ՀՀ դրամ: Անփոփոխ մնացած է մինչեւ 18 տարեկան երեխաներուն մուտքի տոմսի արժէքը`100 ՀՀ դրամ: Այլեւս չի գործեր գիշերային գեղարուեստական լուսաւորութեամբ Գառնին տեսնելու համար սահմանուած 1500 դրամ սակագինը (տոմսի արժէքը` 500 ՀՀ դրամ է): Այս մասին կը յայտնեն «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի լրատուութեան բաժինէն:
«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի մշտական այցելութեան ցուցադրութեան տոմսի արժէքը ՀՀ քաղաքացիներուն համար սահմանուած է` 300, օտարերկրացիներուն համար` 1300, մինչեւ 18 տարեկան երեխաներուն համար` 100 ՀՀ դրամ: «Գառնի» եւ «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններուն մէջ հայերէն բացատրութեան համար այցելուները կը վճարեն` 2000, իսկ օտար լեզուով իրականացուող բացատրութեան համար` 4000 ՀՀ դրամ:
Օգոստոս 1-էն վերագործարկուած է «Մեծամօր» պատմամշակութային արգելոց-թանգարան մասնաճիւղի տոմսային տնտեսութիւնը: Մշտական այցելութեան ցուցադրութեան տոմսի արժէքը ՀՀ քաղաքացիներուն համար սահմանուած է` 250, օտարեկրացիներուն համար` 1000, իսկ մինչեւ 18 տարեկան երեխաներուն համար` 100 ՀՀ դրամ: Հայերէն լեզուով բացատրութեան համար տոմսի արժէքը`1500, օտար լեզուով բացատրութեան համար տոմսի արժէքը` 2500 ՀՀ դրամ:
«Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ը տոմսային տնտեսութիւն ունեցող բոլոր արգելոց-թանգարաններուն մէջ արտօնութիւններ սահմանած է մասնագիտական համալսարաններու ուսանողներու, կենսաթոշակառուներու, արցախեան ու ապրիլեան քառօրեայ պատերազմներու մասնակիցներուն համար: