Դամասկոսի Ազգային Թանգարանը Կրկին Բաց Է Այցելութեան Համար

Դամասկոսի Ազգային թանգարանը այցելուներուն համար բացուած Է Արեւելեան Կուտա մերձքաղաքային շրջանին մէջ ապաԷսկալացման գօտիի ստեղծումէն յետոյ: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, լրագրողներուն յայտնած Է թանգարանի փոխտնօրէն Ջեխա Օպուկախլիան: Ան նշած Է, որ թանգարանը քանի մը տարի փակ Էր պատերազմի պատճառով, եւ աշխատակիցները կը զգուշանային, որ զինեալները այցելուներու տեսքով կը յափշտակեն պատմական արժէքներն ու ցուցանմուշները: Նոյնիսկ գնդակոծումներու ընթացքին, երբ համալիրը փակ Էր, թանգարանի աշխատողները չէին լքեր այն եւ կը հերթապահԷին խումբերով, կը թաքցնէին այն ցուցանմուշները, որոնք կարելի Էր թաքցնել: Թանգարանի աշխատակիցներուն խօսքով` պատերազմ սկսելէն ետք  թանգարան սկսած են ցուցանմուշներ բերել երկրի այլ շրջաններէ` Իտլիպէն, Հալէպէն, Տէր Զօրէն, Փալմիրայէն:

«Ես շատ ուրախ եմ, որ մենք հասցուցինք պատմական այդ գտածոները դուրս բերել Փալմիրայէն, քանի դեռ ատոնք չէին յափշտակած զինեալները: Ատիկա կորուստ կ’ըլլար ամբողջ աշխարհի համար»,-պարզաբանած Է թանգարանի աշխատակից Հալդոն Էսայետը:

Ան նաեւ յայտնած Է, որ թանգարանին մէջ յարմար պահի կը սպասեն, որպէսզի խաղաղ բնակիչներուն համար բանան Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէ փրկուած պատմական արժէքներու ընդգրկուն ցուցահանդէսը: Էսայետի խօսքով` ատիկա կրնայ տեղի ունենալ մօտ ժամանակներս, քանի որ Արեւելեան Կուտայի ապաԷսկալացման գօտիին մէջ իրադրութիւնը կայունացած Է, եւ զինուած ընդդիմութեան զինեալները դադրեցուցած են քաղաքի գնդակոծումը, հաղորդած Է ՏԱՍՍ-ը:

 

 

Scroll Up