Պեթի Քրաճեան-Մոմճեան՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Տարուան Ուսուցիչներէն Մին

Ասպարէզ- Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Էտ Լի, 2016-2017 կրթական տարեշրջանի «Տարուան Ուսուցիչ»ներէն մէկը ընտրած է Պեթի Քրաճեան-Մոմճեանը, որ ուսողութեան ուսուցիչ է Սան Ֆրանսիսքոյի «Ճիաննի» միջնակարգ վարժարանին մէջ։

Այս տարի աւելի քան 300 անուններ ներկայացուած էին այս մրցանակին իբրեւ թեկնածուներ, որոնցմէ ընտրուած են հինգ ուսուցիչներ միայն։

Պեթի Քրաճեան-Մոմճեան այս առիթով շնորհաւորագիրներ ստացած է Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետէն ու հարկադիրէն, գաւառի վերահսկիչներէն, քոնկրեսական Նենսի Փելոսիէն եւ նահանգային Ծերակոյտէն։

Մեծարեալը իր ուսուցչական ասպարէզը սկսած է Կլենտէյլի «Ճան Մույիր» նախակրթարանին մէջ, իսկ ամուսնանալէ ետք՝ Ծովածոցի շրջան փոխադրուած է։ Ան ներկայիս անդամ է շրջանի ՀՕՄի «Ակնունի» մասնաճիւղին եւ խորհրդակցական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին։ Ան շրջանաւարտ է Ֆերահեան Ազգային վարժարանէն եւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն։

Նշենք, որ Պեթի Քրաճեան-Մոմճեան այս տարի ստացած էր նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի հարկադիր Քարմեն Չուի գրասենեակին շնորհած՝ «2016-2017ի Սան Ֆրանսիսքոյի Գերուսուցիչը» մրցանակը։

Scroll Up