Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Աւարտեցան Փայլուն Յաջողութեամբ

Շաբաթ, 29 յուլիսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միքա» մարզական համալիրին վրայ կատարուած պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի աւարտական մրցումներով իրենց աւարտին հասան համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը: Աւարտական մրցումները կանխեցին 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերու ճշդումի մրցումները:
Ախոյեաններու յստակացումէն ետք, մարզական համալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը` մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններուն տողանցքով, մրցանակաբաշխութեամբ եւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկի ընտրութեամբ: Հանդիսութեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով Իշխան Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերու յաջողութեան մեծապէս նպաստած հայրենի իշխանութիւններուն, հիւրընկալ շրջանի` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան, մարզախաղերու նախագահ Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններուն եւ բոլոր բարերարներուն ու բարեկամներուն: Ան ըսաւ, որ համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու իրագործումով ՀՄԸՄ դէպի իր հիմնադրութեան 100-ամեակ կ’ուղղուի աւելի քան երբեք խանդավառ ու հաստատ կամքով` միշտ հաւատարիմ մնալով իր նշանաբանին` «Բարձրացիր-բարձրացուր»-ին:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ողջունեց աշխարհի 21 երկիրներէն հայրենիքի մէջ համախմբուած ՀՄԸՄ-ական մարզիկներն ու մարզիկուհիները` յուսալով, որ անոնք իրենց երկիրները կը վերադառնան միութենական անմոռանալի յուշերով եւ ազգային բարձր տրամադրութիւններով: Այս առիթով Յակոբեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 80 հոգինոց կամաւորներու խումբը, որ անցնող 10 օրերուն կազմակերպչական մեղուաջան աշխատանք կատարեց` մարզախաղերու յաջողութեան իրականացման համար:
Փակման հանդիսութեան առաջին անգամ ըլլալով հնչեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի քայլերգը (խօսք` Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտութիւն` Վահրամ Էմմիեանի, կատարողութիւն` Գառնիկ Սարգիսեանի):

Մարզախաղերու Ախոյեանները
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու ախոյեաններուն յստակացումը դիւրին չեղաւ: 10 օրուան մրցակցութենէ ետք, աւարտական սպասուած մրցումները եղան հետաքրքրական եւ անակնկալներով լեցուն:

Արդարեւ, ՀՄԸՄ Լիբանան տիրացաւ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին, իսկ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ` ֆութպոլի կրտսերներու տիտղոսին:

Պասքեթպոլի պարագային մեծագոյն անակնկալը եղաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի աղջկանց խումբին ախոյեանութեան տիրացումը, այլապէս երէց տղոց, կրտսեր տղոց եւ աղջկանց տիտղոսներուն տիրացան ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու խումբերը:

Փինկ-փոնկի տղոց ու աղջկանց ախոյեան հանդիսացան ՀՄԸՄ Լիբանանէն Աւօ Մունջօղլեան եւ Լարա Քեչեպաշեան: Ճատրակի մրցումներուն առաջին եւ երկրորդ հանդիսացան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-էն Հրաչեայ Վարդանեան եւ Ռազմիկ Առաքելեան: Լիբանանէն Հրայր Պրունսուզեան տիրացաւ պրոնզ մետալի:

Թենիսի մրցումներուն, առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Կիպրոսի եւ ՀԱՍԿ-ի մարզիկները:

Լողի տղոց մրցումներուն, Թեհրանի ՀՄԱԿ-ը տիրացաւ 20 մետալի, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ` 9 մետալի, Լիբանան` 7 մետալի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ` 6 մետալի: Լիբանանէն Սեւակ Տեմիրճեան խլեց 4 ոսկի եւ 3 արծաթ մետալ: Աղջկանց մրցումներուն, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ տիրացաւ 8 մետալի, Կիպրոս` 7, Սուրիա եւ ՀՄԱԿ` 6-ական մետալի, Լիբանան եւ ՀԱՍԿ` 4-ական մետալի: Կիպրոսէն Մարի Սոմաքեան-Ճիորճիու խլեց 7 ոսկի մետալ, իսկ Սուրիայէն Միրնա Պզտիկեան` 4 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալ:

Փակման հանդիսութեան յայտարարուեցան իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկին եւ մարզիկուհիին անունները, որոնք ստացան վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներու անունով հետեւեալ բաժակները.-

– Պասքեթպոլի երէց տղոց լաւագոյն մարզիկ («Վարդգէս Ալահայտոյեան բաժակ»)- Արամ Թարզիպաշեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ:

– Պասքեթպոլի կրտսեր տղոց լաւագոյն մարզիկ («Դանիէլ Դանիէլեան բաժակ»)- Ալեքս Իսկէնտէրեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ:

– Պասքեթպոլի երէց աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Վահրամ Դանիէլեան բաժակ»)- Սոֆիա Տեմիրճեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ:

– Պասքեթպոլի կրտսեր աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Սիամանթօ Կարապետեան բաժակ»)- Ալին Օվաննէսեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ:

– Ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկ («Վիգէն Զաքարեան բաժակ»)- Տիրան Պէպէքեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ:

– Վոլիպոլի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Յովհաննէս Պայթարեան բաժակ»)- Անի Ստեփանեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ:

– Թենիսի լաւագոյն մարզիկ («Վարդան Բախշեան բաժակ»)- Էտմոն Այնէճեան, Կիպրոս:

– Փինկ-փոնկի լաւագոյն մարզիկ («Յովհաննէս Հինդլեան բաժակ»)- Լարա Քեչեպաշեան, Լիբանան:

– Աթլեթի տղոց լաւագոյն մարզիկ («Բիւզանդ Թորիկեան բաժակ»)- Սերժ Չոլաքեան, Լիբանան:

– Աթլեթի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Վահան Չերազ բաժակ»)- Լոռի Թաշճեան, Լիբանան:

– Լողի տղոց լաւագոյն մարզիկ («Շաւարշ Քրիսեան բաժակ»)- Սեւան Ղարապէյքի, ՀՄԱԿ:

– Լողի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Տիգրան Ոսկունի բաժակ»)- Մարի Սոմաքեան-Ճիորճիու, Կիպրոս:

– Ճատրակի տղոց լաւագոյն մարզիկ («Գրիգոր Յակոբեան բաժակ»)- Հրաչեայ Վարդանեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ:

– Ֆութսալի տղոց լաւագոյն մարզիկ («Նշան Թիւսիւզեան բաժակ»)- Աւօ Տոնպուրեան, Լիբանան:

– Ֆութսալի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ («Արմէն Տէիրմէնճեան բաժակ»)- Պայծառ Ասատրեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ:

– Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու տիպար մարզիկ («Միհրան Շիմշիրեան բաժակ»)- Քուինթ Քեմնից, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ:

Լաւագոյն մարզիկներու մրցանակաբաշխութենէն ետք, փակման հանդիսութեան կատարուեցաւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն երեք խումբերու եւ մարզախաղերու տիպար պատուիրակութեան պարգեւատրում: Արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.

ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ

Լիբանան
Թեհրանի ՀՄԱԿ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
ԹԵՆԻՍ

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
Կիպրոս
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
ԱԹԼԵԹ

Լիբանան
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
Թեհրանի ՀՄԱԿ
ԼՈՂ

Թեհրանի ՀՄԱԿ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
Կիպրոս
ՃԱՏՐԱԿ

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
Լիբանան
Երուսաղէմ
ՖՈՒԹՍԱԼ

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
Լիբանան
Հարաւային Ամերիկա
ՎՈԼԻՊՈԼ

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
ՖՈՒԹՊՈԼ

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
Լիբանան
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
Թեհրանի ՀՄԱԿ
Կ’արժէ նշել, որ համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու «Տիպար պատուիրակութեան» բաժակին արժանացաւ ՀՄԸՄ-ի Քանատայի շրջանը:

Վերջին Օրուան Արդիւնքները
Մարզախաղերու վերջին օրը արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

ՖՈՒԹՊՈԼ

3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում` Երուսաղէմ – Ֆրանսա 3-1
Աւարտական` Լիբանան – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ 2-0

ՖՈՒԹՊՈԼ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ

3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում` Լիբանան – Քուէյթ 1-0
Աւարտական` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ -ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 1-0

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ՏՂԱՔ

3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում` Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ – Աւստրալիա 76-55
Աւարտական` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) 90-86

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԿՐՏՍԵՐ ՏՂԱՔ

3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում` Լիբանան – Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ 48-44
Աւարտական` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ 64-44

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Աւստրալիա (Բ.) 67-16
Աւարտական` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) 74-71

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԿՐՏՍԵՐ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

3-րդ 4-րդ դիրքի մրցում` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 44-41
Աւարտական` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Թեհրանի ՀՄԱԿ 59-57

Scroll Up