ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Օգոստոս 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները:

Քննարկուեցան սահմանամերձ գիւղերուն Սփիւռքի համայնքներու աջակցութեան ծրագիրը, «Հայաստան-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովի կազմակերպական աշխատանքներուն վերաբերող եւ ընթացիկ այլ հարցեր:

Տրուեցան յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները:

Scroll Up