Ասմունքի Համահայկական VI Փառատօնի Մեկնարկը Տրուած Է

Աւան Շուշի պլազա» կազմակերպութիւնը ՀՀ սփիւռքի, Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն եւ Երեւանի պետական համալսարանին հետ համատեղ արդէն վեցերորդ անգամ կ’իրականացնէ Ասմունքի համահայկական փառատօնը: Այն կ’իրականացուի «Մենք կանգուն ենք մեր լեռների պէս» խորագիրի ներքոյ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, յուլիս 31-ին Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին նուիրուած փառատօնի աշխատանքները մեկնարկեցին Շուշիի Խ.Աբովեանի անուան դպրոցին մէջ, որուն կը մասնակցին շուրջ 100 շնորհալի պատանի եւ աղջիկ Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Լիբանանէն, Իրանէն, ՌԴ-էն եւ ԱՄՆ-էն:

Բացման պաշտօնական արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան փառատօնի գաղափարի հեղինակ ամերիկահայ գործարար, բարերար Ալէք Բաղդասարեան, ԼՂՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Միքայէլ Համաբարձումեան: ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Հակաբեանի ողջոյնի խօսքը` ուղղուած փառատօնի մասնակիցներուն, ներկայացուց նախարարութեան աշխատակից Հայկ Ենգիբարեան:

Փառատօնը իր աշխատանքները կ’աւարտէ օգոստոս 3-ին:

Scroll Up