Հայկական Շարժանկարի Շաբաթ Իրանի Երեք Քաղաքներու ՄԷջ

Յուլիս 23-29 Իրանի երեք խոշոր քաղաքներու` Թեհրանի, Շիրազի, Մաշհատի մէջ, իրականացուեցաւ հայկական շարժանկարներու առաջին շաբաթը, որ նախաձեռնուած եւ կազմակերպուած էր Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ ներկայացուած  քանի մը տասնեակ շարժանկարներէ ընտրուած էին Արամ Շահբազեանի, Արէն Վաթեանի, Վիգէն Չալդրանեանի, Միքայէլ Պօղոսեանի եւ այլ հայ բեմադրիչներու  թիւով 10 շարժանկար, որոնց ցուցադրումը կազմակերպուած էր իրանական «Արուեստ եւ փորձառութիւն» մշակութային կազմակերպութեան կողմէ:

Ցուցադրումներունընթացքին  հայ եւ իրանցի  եւ փորձագէտներու մասնակցութեամբ իրականացուեցան քննարկումներ` նուիրուած հայկական շարժանկարի պատմութեան, շարժանկարի արտադրութեան,  զարգացման ժամանակակից միտումներուն:

ԻԻՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեան, Հայաստան-Իրան մշակութային համագործակցութեան ծիրէն ներս բարձր գնահատելով հայկական շարժանկարի  շաբթուան նշանակութիւնը, ընդգծեց նմանօրինակ ձեռնարկներուն պարբերական դարձնելու հայկական կողմի յանձնառութիւնը: Հայկական շարժանկարներու շաբթուան արդիւնքներու ամփոփման ժամանակ դեսպան Թումանեան նշեց. «Հայ մշակոյթը եւ Հայաստանը Իրանի մէջ պատշաճօրէն ներկայացնելը մեր գլխաւոր նպատակն է, եւ այդ առումով այս ձեռնարկը կարեւոր քայլ էր»:

 

Scroll Up