«Մաքուր Հայաստան» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս Շաբաթօրեակ «Հայ Բարերարներու Ճեմուղիին ՄԷջ» Եւ Սփիւռքի Այգիին ՄԷջ

Յուլիս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմը, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի աշխատակիցները մասնակցեցան «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպուած հանրապետական շաբաթօրեակին:

Շաբաթօրեակի մասնակիցները մաքրեցին եւ բարեկարգեցին նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածին մէջ գտնուող «Հայ բարերարներու ճեմուղին» եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի տարածքին մէջ գտնուող Սփիւռքի այգին:

 

Scroll Up