Լոռիի ՍՄԱՐԹ-ը Ներկայացուեցաւ ՄԱԿ-ին

Կայուն զարգացման հարցերով ՄԱԿ-ի քաղաքական բարձրաստիճան ամենամեայ հաւաքի ծիրէն ներս՝ ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութիւնը եւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը Նիւ Եորքի՝ կազմակերպութեան գլխամասային գրասենեակին մէջ, իրականացուցին կլոր սեղան-քննարկում:

Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի (COAF) հաղորդած տեղեկութիւններով` «Կայուն զարգացման նպատակներու իրագործման ուղղուած հանրօգուտ ներդրում եւ նորարարութիւն» խորագիրով ձեռնարկը կը քննարկէր ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրներու նպատակներուն համահունչ հասարակական ձեռներէցութիւնն ու նորարարութեան ազդեցութեան խթանումը:

ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան ներկայացուց քննարկման նպատակները` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր կառավարութեան գերնպատակը պէտք է ըլլայ ապահովել ժողովուրդի բարեկեցութիւնը. «Հայաստանը հզօր ներուժ ունի բազում ոլորտներու, ներառեալ` գաղափարներու ուսումնասիրութեան եւ իրագործման մէջ»:

Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի (COAF) խորհուրդի ատենապետ դոկտոր Կարօ Արմէնը հանդիպման բանախօսներէն էր: Ներկայացնելով Հիմնադրամին գործունէութիւնը եւ Հայաստանի գիւղական համայնքներու հզօրացման իրենց տեսլականը` ան նշեց, որ COAF-ի նորարական տարբերակին շնորհիւ՝ վերջին 13 տարիներուն ընթացքին նոր շունչ առած է 44 գիւղ, փոխուած է շուրջ 67.000 մարդու կեանք (Տեսանիւթը` https://www.youtube.com/watch?v=JILUWqyaV70):

«Մեր նպատակն է զօրաւիգ ըլլալ Հայաստանի անտեսուած համայնքներու երիտասարդ սերունդին: Սակայն, մենք չենք կրնար որակեալ կրթութիւն ապահովել աւերուած շէնքային պայմաններու մէջ»,- ըսած է դոկտոր Կարօ Արմէնը:

COAF-ը կը համադրէ ենթակառուցուածքային բարեկարգումներու ծրագիրները (հիմնանորոգուած դպրոցներ, հիւանդանոցներ, համայնքային կեդրոններ եւ համայնքային նշանակութեան այլ կարեւոր կառոյցներ) միջազգային որակի կրթական, հասարակական-տնտեսական, առողջապահական եւ համայնքային ծրագիրներու ստեղծման եւ իրագործման: Գերնպատակն է ուղղորդել եւ հնարաւորութիւն ընձեռել հայաստանցիներուն, որոնք գրագիտութեան բարձր մակարդակ եւ մեծ  ներուժ ունին,  յստակացնելու ու կառուցելու սեփական ապագան:

Այնուհետեւ, ան ներկայացուց COAF-ի նորարարական ՍՄԱՐԹ նախաձեռնութիւնը. ժամանակակից հաղորդակցական ճարտարագիտութիւններու եւ անգլերէնի կատարելագործման շնորհիւ անիկա կապ կ՝ապահովէ Հայաստանի գիւղերու բնակչութեան եւ աշխարհի միջեւ. «Այս մօտեցման նպատակն է հայ գիւղացիին հասանելի դարձնել լաւագոյն կրթութիւնն ու մասնագիտական  վերաորակաւորումը: Այս կերպով պիտի տանք գիւղական համայնքներու յառաջընթացի թռիչքային մեկնարկը»:

Նախատեսուած 20  ՍՄԱՐԹ կեդրոնները պիտի փոխեն գիւղական Հայաստանի բնութագիրը` ծառայելով իբրեւ կրթական եւ ստեղծագործական հանգոյց այն տարածաշրջաններուն մէջ, որոնք ներկայիս զուրկ են նման հնարաւորութենէ. «Մենք կը ձգտինք ձեռք մեկնել Հայաստանի շուրջ 1000 գիւղական համայնքներուն նոյնինքն ՍՄԱՐԹ կեդրոններու գործունէութեան միջոցով»:

Համաշխարհային նորարարութեան տեսանկիւնէն` դոկտոր Կարօ Արմէնը առաջարկեց ՍՄԱՐԹ տարբերակը տեղայնացնել եւ գործարկել աշխարհի ցանկացած անկիւն. «Անիկա ընդհանրական է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ աշխարհի համար»:

Այն հարցին, թէ ո՞րն է նորարարութեան եւ փոփոխութիւններու գաղտնիքը, Կարօ Արմէնը ընդգծեց կայուն նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք ալ պիտի յանգեցնեն փոփոխութիւններու. «Անմխիթար պայմաններու մէջ գտնուող դպրոցի վերանորոգումը` առանց նպատակային կրթական ծրագիրներու, չի կրնար զարգացման թռիչքուղի ըլլալ»:

Յատուկ թեմաներու քննարկման ընթացքին անդրադարձ եղաւ ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման միջազգային օրակարգի ծիրէն ներս նորարարական եւ ազդեցիկ նախաձեռնութիւններուն: Քննարկման բոլոր մասնակիցներն ալ կը համարուին փոփոխութիւններու շարժիչը Հայաստանի մէջ` նկատի ունենալով կայուն զարգացման գործին մէջ անոնց այլափոխութեան ուժն ու նորարար լուծումները:

ՄԱԿ-ի կլոր սեղան-քննարկման կը մասնակցէին հայաստանեան այլ ազդեցիկ ձեռնարկութիւններ եւ կազմակերպութիւններ եւս` Սուրէն Ալոյեան («dasaran.am» կրթական ծրագիր), Մարի Լու Փափազեան (ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոն ), Քեւին Ճոնս (SOCAP), Պենի Պանըրճի (Stanford ChangeLabs), Միքա Ռիքքօ (Sitra Fund) եւ Հանս Վահլ (INSEAD):

Scroll Up