Նորաստեղծ «Նոեւ Կովչեգ» Համայնքը Կ’աշխուժացնէ Հայաստանի Հետ Կապերը

Տոնի Ռոստովի մարզի Վոլկատոնսկի «Նոեւ Կովչեգ» հայկական ազգամշակութային ինքնավարութեան խորհուրդի նախագահ Սասուն Սարգսեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին տեղեկացուց, որ համայնքը ստեղծուած է 2015 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները աւելի համակարգուած կազմակերպելու համար:

Քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած բողոքի խաղաղ երթ  կազմակերպած են, որուն շուրջ 2000 հայ  մասնակցած է, ապա անոնց  միացած են քաղաքային իշխանութիւններու, Ռոստով ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:

Ապրիլ 24-ին նաեւ ձեռնարկ կը կազմակերպեն, ռոստովաբնակ հայ երիտասարդներու հոգիին մէջ Հայ դատի արդարացի լուծման պահանջը արթուն պահելու համար` Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմեր կը ցուցադրեն: Օրը կ’ամփոփուի Տօն գետին մէջ ծաղկեպսակ արձակելով:

«Նորաստեղծ համայնքը կը փորձէ աշխուժացնել իր գործունէութիւնը, Հայաստանի հետ մշտական կապի մէջ գտնուելով` հայապահպան տարբեր ծրագիրներ իրականացնելով: Համայնքի առաջնահերթութիւններէն է հայկական դպրոցի եւ եկեղեցւոյ ստեղծումը, որուն ուղղութեամբ գործուն աշխատանքներ կը տանինք: Օրերս դպրոց հիմնադրելու հարցը քննարկած ենք ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ կայացած հանդիպման ժամանակ, շատ շնորհակալ ենք ջերմ ընդունելութեան համար, պիտի փորձենք յետայսու աւելի սերտ համագործակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ, իսկ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի հետ քննարկած ենք եկեղեցւոյ շինարարութեան առնչուող հարցեր»,-ըսաւ Սասուն Սարգսեան` աւելցնելով, որ դպրոցի եւ եկեղեցւոյ առկայութիւնը կը նպաստէ համայնքի համախմբման:

Աւելցնենք նաեւ, որ համայնքին մէջ կը գործէ չորս աղջիկներէ կազմուած «Նոեւ Կովչեգ» պարախումբը:

Գէորգ Չիչեան

 

 

Scroll Up