ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Ատրպէյճանի Զինուորական-Քաղաքական Ղեկավարութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու միացեալ յայտարարութիւնը, ըստ որուն, իբրեւ թէ երէկ, ամբողջ օրուան ընթացքին, Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները գնդակոծած են ատրպէյճանական զինուորական դիրքերը, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Հայաստանի զինուած ուժերը սահմանի ամբողջ երկայնքով որեւէ գործողութիւն չեն կատարած եւ նոյնիսկ մէկ կրակոց չեն արձակած: Աւելի՛ն. ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի նման մնայուն գործելաոճի, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը երբեք եւ որեւէ պարագայի նշանառութեան տակ չեն առած խաղաղ բնակավայրերը, եւ պնդումները զանոնք ռմբակոծելու վերաբերեալ պարզունակ ապատեղեկատուութիւն են, կամ` ատրպէյճանական կողմի ապագայ սադրանքներու համար տեղեկատուական նախապատրաստութեան փորձ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ Ատրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը, որ որեւէ սադրանքի պարագային հայկական կողմը պիտի դիմէ պատասխան կոշտ գործողութիւններու եւ կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու նոր արկածախնդրութիւններէ, որոնք կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ շրջանին համար:
Սին մեղադրանքներու գործելաոճէ խուսափելու լաւագոյն տարբերակը 1994-1995-ի զինադադարի համաձայնութեան անվերապահ կատարումն է, նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խմբակի կարողութիւններու յաւելումն ու դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրումը: