Հարցազրոյց Լոս Անճելոսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան Նախագահ Տիար Խաչիկ Ճանոյեանի Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/WP_20131001_019-300x153.jpg)
Փոխան Յառաջաբանի
2005-2007 տարիներուն, Լոս Անճելոսի մէջ գործող Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւնը Իրաքէն 135 հայեր Հալէպի ճամբով Հայաստան տեղափոխեց, ազատելու համար զանոնք Իրաքի մէջ տիրող անապահով, դժոխային վիճակէն:
Անոնց մէկ շաբաթ Հալէպ պահելէ ետք, իրենց պանդոկի, մուտքի վիզայի եւ օդանաւի ծախսերը ամբողջութեամբ հոգաց Լոս Անճելոսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւնը, իսկ Երեւանի մէջ, նախապէս այս գաղթականներուն կահաւորուած տուներ վարձուած էին անոնց ընտանիքի թիւերուն համաձայն:
* * *
Անուշ Բեժանեան, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (Հ.Ա.Հ.) Ուսումնասիրութիւններու բաժնի պատասխանատուներէն է: Ան Հ.Ա.Հ..-էն շրջանաւարտ եղած է, իր համալսարանական Մագիստրոսի վկայականի աւարտաճառը նուիրած էր ՚Իրաքահայերը Սատտամ Հիւսէյնի Տապալումից Յետոյ. Արտագա՞ղթ, թէ Հայրենադարձութիւնՙ նիւթին: Այդ ուղղութեամբ Բեժանեան հսկայ աշխատանք տարած է խորապէս ուսումնասիրելով իրաքահայ գաղութը, 2004-ի ներգաղթի շարժումը, անոր պատճառները, հետեւանքները, դժուարութիւնները եւ յաջողութիւնները:
2008-2010 Անուշ Բեժանեան ուսանած է Հարաւային Քարոլայնայի համալսարանի Միջազգային յարաբերութեան բաժինին մէջ եւ ստացած Մագիստրոսի վկայական:
Այս օրերուն աւելի ընդարձակ գործի մը լծուած է, ուսումնասիրելով իրաքահայերու ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ, անոնց անցեալը, ներկան եւ Հայաստանի իշխանութեան յարաբերութիւնները այս խաւին հետ:
Այս առիթով, Անուշ Բեժանեան հարցազրոյց մը կատարած է Լոս Անճելոսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան հիմնադիր եւ կեդրոնական վարչութեան նախագահ` Խաչիկ Ճանոյեանի հետ, խօսելու համար 2004-ի ներգաղթի աշխատանքներուն մասին: Հարցումները գրաւոր ղրկուած են եւ Պր. Ճանոյեան շնորհակալութեամբ պատասխանեց մեր հարցումներուն, եւ որոնք հանրութեան կը ներկայացնենք մեծագոյն հաճոյքով:
ԱՆՈՒՇ ԲԵԺԱՆԵԱՆ._ Ինչպէ՞ս յղացաւ իրաքահայերուն Հայաստան տեղափոխելու ծրագիրը:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ._ 1979-ի Ապրիլին հիմնուեցաւ իրաքահայերու միութիւնը Լոս Անճելոսի մէջ: Միութեան գլխաւոր նպատակն էր, եւ մինչեւ այսօր կը գործէ նոյն համոզումով, ծառայել հայ ժողովուրդին, ուր որ կարիքը կայ. մեր նիւթական եւ բարոյական միջոցներով: Որովհետեւ մենք խորապէս կը հաւատանք, որ հայկական միութիւնները կեանքի կը կոչուին եւ իրենց կեանքը կ’իմաստաւորեն ծառայութիւններ մատուցանելով: Այսպէս, 1979-էն ի վեր մինչեւ այսօր միութիւնը կը պահէ ԱՆՎՃԱՐ շաբաթօրեայ վարժարան մը: 38 տարիներու ընթացքին 1600-է աւելի փոքրիկներ մեր դպրոցը յաճախած են եւ հայերէն լեզու, երգ, պար եւ ասմունք սորված են:
Ժամանակին Լիբանանի եղբայրասպան կռիւներու ատեն, քանի մը առիթներով Լիբանանի հայ ժողովուրդին օգնութեան համար մեր օժանդակութիւնը ընծայած ենք: 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն, մենք քանի մը ձեւերով օգնած ենք եւ մինչեւ օրս ալ կ’օգնենք հայրենիքի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Նմանապէս, Սուրիահայութեան Օգնութեան Հիմնադրամի միջոցաւ, մեր միութիւնը միշտ իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը հասցուցած է: Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի գոյութեան առաջին օրերէն իսկ մեր նպաստը բերած ենք այս հինադրամին: Հասարակական գործիչ՝ Յովհաննէս Պալայեանի ղեկավարած Հայաստանի ծնողազուրկ երեխաներուն օգնութեան հասնող հիմնադրամին մեր մշտատեւ նպաստը բերած ենք: ՚Հայրենիքՙ միութիւնը, որ ամէն տարի 100-150,000 տոլար կը հաւաքէ եւ զանազան ծրագիրներով օգտակար կ’ըլլայ Հայաստանին եւ Արցախին, մեր միութիւնը միշտ ալ իր նպաստը բերած է Հայրենիք միութեան այս հայրենանուէր գործին: Հ.Բ.Ը.Միութեան, Հ.Օ.Մ.ի եւ Հայկական Համագումարի հայաստանեան ծրագիրներուն միշտ օգնած ենք: Հայ Առաքելական Եկեղեցիին մեր միութեան հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ, 38 տարի նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստած ենք մեր հոգեւոր հաստատութեան` Հայ Եկեղեցիին: Հայ մամուլին եւ հեռատեսիլի կայաններուն միշտ ալ օգնած ենք, քաջ գիտնալով, որ մեր թերթերը եւ հեռատեսիլի կայանները ազգային մեծ դեր կը կատարեն: Հայաստանի եւ Արցախի օգնութեան տարին քանի մը դրամահաւաքներ կ’ըլլան եւ մենք մեր նպաստը բերած ենք այդ դրամահաւաքին:
Իրաքի հայ համայնքին համար, Քուէյթի պատերազմէն ետք մենք 8 տարի շարունակ, տարին 6-7 հազար տոլար ղրկած ենք Իրաքի Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան միջոցաւ իրաքահայ կարօտեալ ընտանիքներուն համար: Իսկ 2003-ի պատերազմէն ետք բազմաթիւ դիմումներ եղան մեզի, օգնելու համար Իրաքէն Սուրիա, Յորդանան, Լիբանան եւ Թուրքիա ապաստան գտած հայերուն օգնելու համար: Կարիքը շատ-շատ էր, բայց մենք սկիզբը յօժարեցանք 25-30 հոգի Հայաստան տեղափոխել եւ անոնց լման մէկ տարի օրապահիկը ապահովել, անձի գլուխ ամսական 100 տոլար տրամադրեցինք ամբողջ 12 ամիս: Այսինքն հինգ հոգինոց ընտանիքի մը համար, մէկ տարի ամսական 500 տոլար հասցուցած ենք: Ասիկա Հալէպէն Երեւան տոմսակի դրամէն զատ, եւ օդակայանէն դէպի նախապէս իրենց համար վարձուած տուներ տանելու բոլոր ծախսերէն զատ: 25-30 հոգին երկուքուկէս տարուայ մէջ եղան 135 հոգի եւ միութիւնը այս 135 հոգիներուն Հալէպ հասնելէ ետք, վիզաները կարգադրած եւ Հայաստան տարած եւ մէկ տարի պահած ենք, անոնք միութեան վրայ 150 հազար տոլարի ծախս մը ըլլալով: Ասիկա ըրինք, մտածելով, որ Յորդանան, Սուրիա կամ Լիբանան ու Թուրքիա նուազագոյնը ամսական 1,000-1,500 պէտք պիտի ունենան: Նախընտրելի է անոնց Հայաստան տանիլ, եւ մինչեւ հանդարտի վիճակը, եւ եթէ կը փափաքին կրնան ուզած տեղերը երթալ եւ կամ հոն հաստատուիլ: Այո, այդ օրերուն Հայաստանի մէջ աշխատանքի շատ առիթներ չկային, բայց եւ այնպէս միւս երկիրներու մէջ ալ իրաքահայերը աշխատելու իրաւունք չունէին, իսկ աշխատելու պարագային ՚ստրուկիՙ պէս կ’աշխատէին տեղացիներուն 10-20% վճարումը ստանալով, Երեւանի մէջ մենք ունէինք մեր պաշտօնեայ ներկայացուցիչը` Գայեանէ Մուրատեան, որ ամէն ամիս իրաքահայերու ամսականները կու տար, անոնց դպրոցական, ընկերային հարցումներուն կը պատասխանէր: Գայեանէ Մուրատեան շատ սիրուած եւ յարգուած էր իրաքահայ գաղթականներուն կողմէ:
Ա. Բ.- Որո՞նք են այն գաղափարները, որ ունէին Լոս Անճելոսի իրաքահայերը, իրենց հայրենակիցներուն հայրենադարձութիւնը խրախուսելու ժամանակ:
Խ. Ճ.- Լոս Անճելոսի իրաքահայերը, որոնք հարազատներ ունէին Իրաքի մէջ, որ Յորդանան, Սուրիա կամ այլ երկիրներ մեկնած էին, մեզի դիմեցին եւ խնդրեցին որ իրենց հարազատները Հայաստան տեղափոխենք, հոն մեր ժողովուրդին հետ ապահով ըլլալու համար, քանի որ անոնց Ա.Մ.Ն. չէինք կրնար անմիջապէս բերել: Մենք իրենց հասկցուցած էինք, թէ այդ քայլը առնելով, այսինքն Հայաստան տեղափոխուելով բնաւ պարտաւոր չեն հոն մնալու, եթէ գոհ չէին կացութենէն, կրնան որեւէ երկիր երթալ եւ կամ Իրաք դառնալ: Անկախ Հայաստանի մէջ, Սովետական Միութեան 1947թ.ի ներգաղթի նման չէ, որ եթէ Հայաստան երթաս չես կրնար դուրս ելլել: Բայց մեր միութեան ղեկավարները խորապէս կը հաւատային, որ մեր ժողովուրդը Հայաստան ապրելով, թէ՛ իրենց զաւակներուն եւ թէ իրենց ապահովութեան համար աւելի դրական է, գոնէ հայրենիքի մէջ ապրելով աւելի քաղցր եւ երջանիկ օրեր կ’ունենան` Իրաքի այդ դժոխային օրերուն հետ համեմատած: Եւ այդպէս ալ եղաւ, մեր ներգաղթողներուն մեծ մասը շատ գոհ էր հայրենի ժողովուրդի եղբայրական վարմունքէն իրենց հանդէպ: Իրենց զաւակները շատ ուրախ էին Հայաստանի դպրոցներէն եւ դասընկերներէն: Եւ ասիկա պատճառ եղաւ որ այսօր 800-1,000-է աւելի իրաքահայեր Հայաստան հաստատուին:
Ա.Բ.-Ինչպիսի՞ արձագանգ գտաւ ձեր նախաձեռնութիւնը ԱՄՆ-ի կամ Գալիֆորնիոյ հայ համայնքէն (բացի իրաքահայերէն): Արդեօք Ձեր հիմնադրամին կը միանայի՞ն ոչ-իրաքահայեր: Փորձա՞ծ էք դիմել այլ սփիւռքահայերու միանալու ձեր նախաձեռնութեան: Ինչպէ՞ս կը գոյանային ֆինանսական միջոցները:
Խ. Ճ.-Նախ սկսիմ հարցումին վերջին մասէն: Մենք ոչ մէկուն դիմեցինք մեզի օգնելու համար: Մենք փոքր միութիւն մը ըլլալով, քանի մը հայերու Հայաստան տեղափոխելու նպատակով ճամբայ ելանք, այն յոյսով, որ այս հայերէն ոմանք Հայաստան կը հաստատուին (անշուշտ եթէ յարմարին հոն ապրելու գաղափարին հետ): Այդ տարին Սփիւռքի մէջ գործող կուսակցութիւնները իշխանութեան ընդդիմադիր կազմակերպութեան շարքին էին: Ատիկա պատճառ դարձաւ, որ անոնք այս գործին չմասնակցին, այն պատճառաբանութիւնը տալով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ի վիճակի չէ իր ժողովուրդին գործ հայթայթելու, եւ իրաքահայերը շատ պիտի տառապին եւ յուսախաբ ըլլան Հայաստան երթալով, որովհետեւ հոն գացողները մեծ յոյսեր դրած են իրենց հայրենիքին վրայ, առանց պատկերացում ունենալու Հայաստանի երկրաշարժի, պատերազմի, Թուրքիոյ եւ Աճրպէյճանի շրջափակումը: Այո, իրաքահայերը այդ բոլոր դժուարութիւնները չէին կրնար պատկերացնել, այնպէս ինչպէս հայրենի ժողովուրդի մեծ մասը չէր պատկերացներ Իրաքի քրիստոնեայ հայերու վիճակը, (առեւանգում, սպանութիւն, թալան, եւ կողոպուտ, որուն կ’ենթարկուէին մեր հայրենակիցները):
Գալով հարցումի առաջին բաժինին, ամենայն հպարտութեամբ կրնանք ըսել, թէ Լոս Անճելոսի հայերը մեծագոյն գնահատանքով մօտեցան մեզի եւ իրենց նիւթական եւ բարոյական նպաստն ու ներդրումը տուին այս ծրագիրին: Արդարեւ, մեր աշխատանքին մեծագոյն բարերարները եղան ոչ իրաքահայեր, այլ իրանահայերը, լիբանանահայերը, սուրիահայերը եւ հայաստանցիներ, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական նպաստով սատար հանդիսացան մեր գործին:
Ա.Բ.- Ի՞նչ արձագանգ գտաւ ձեր նախաձեռնութիւնը Իրաքի մէջ, Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն եւ Հայաստանի մէջ:
Խ. Ճ.-Իրաքի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդը, եւ որոշ քաղաքական գործիչներ դէմ էին այս ներգաղթին պատճառաբանելով, որ այսպիսի քայլով գաղութը կր նօսրանայ եւ արիւնաքամ կ’ըլլայ: Բայց մենք խորապէս հասկնալով անոնց ցաւը, գաղութը տկարանալուն համար, հասկացողութեամբ մօտեցանք հարցին եւ կրցանք ոմանց համոզել, որ իրաքահայերը անոնք, որոնք կրցան եւ կրնան դուրս ելլել արդէն Իրաքէն դուրս կ՛ապրին, իսկ մնացածները շատ ծանր եւ դժուար պայմաններու տակ են, եւ ոչ ոք կ’ուզէ իրաքահայ գաղութը քայքայել, իսկ 100-150 հոգի Հայաստան տանելով, անոնք մէկ փոքր մասնիկն են մօտ 10,000-է աւելի արդէն իսկ դուրս փախչող հայ զանգուածին մանաւանդ, որ մենք մեր տարած հայերուն օրապահիկ մէկ տարի ապահոված ենք եւ հայրենի պետութիւնը եւ հայրենի ներգաղթի բաժինին վրայ ոչ մէկ բեռ պիտի ըլլան անոնք եւ հայրենի պետական այրերը ջերմօրէն ընդունած են իրաքահայ գաղթականները:
Ա. Բ.- Ինչպէ՞ս կը գոյանային ֆինանսական միջոցները:
Խ. Ճ.- Ոչ մէկ խոչընդոտի հանդիպեցաւ այս նախաձեռնութիւնը : Մենք մեր աշխատանքներու եւ բարերարներուն կողմէ գոյացած գումարները գոյացնելու ոչ մէկ դժուարութիւններ ունեցանք:
Փառք ու պատիւ մեր գաղութի անդամներուն, մեծատունն իր գանձով, համեստ աշխատաւորները իրենց լումաներով սատար եւ օժանդակ եղան մեր աշխատանքին անհատական ձեւով կամ որոշ միութիւններու աշխատանքով:Կաելի չէ այս աշխատանքը յիշել, առանց երախտագիտութեամբ յիշելու պարսկահայ գործատէր, KIA ինքնաշարժի նախկին ներկայացուցիչ Տիար Օննիկ Մեհրաբեանի օժանդակութիւնը: Պարոն Մեհրաբեան մէկ ինքնաշարժ նուիրեց մեզի, որ վիճակահանութեան դրինք եւ մօտ 80,000 տոլար գոյացուցինք: Մեր իրաքահայ բարերարներ Մարգարեան եղբայրները, Յարութիւն Հիլալեան, Ճոնի Թաճիրեան, Վարանդ Մելքոնեան, Պերճ Շահպազեան, Երուսաղէմի Թարգմանչաց վարժարանի Սանուց միութիւնը, իրանահայերու միութիւնը, Զաւէն Խանճեան, Թոմիկ Ալեքսանեան, Նունէ Աւետիսեան, Թագուհի Արզումանեան, Շահէ Քէօրողլեան, Վրէժ Աղաջանեան, մեր շատ սիրելի Յովհաննէս Բալայեան եւ Հ.Օ.Մ.ի նախաձեռնութեամբ կազմուած Իրաքահայերու Օգնութեան Միացեալ Մարմնին կողմէ մեզի 10,000 տոլար տրուեցաւ եւայլն:
Ա.Բ.- Ի՞նչ չափանիշներով հիմնադրամը կ’ընտրէր այն իրաքահայերը, որոնց կ’աջակցէր Հայաստան տեղափոխելու:
Խ. Ճ.-Ոչ մէկ չափանիշ կամ պայման կար, իրաքահայու մը նպաստ տալ Հայաստան տեղափոխուելու համար, բայց միշտ նկատի առած ենք եւ նախապատւութիւն տուած էինք այն երիտասարդ ընտանիքներուն, որոնք անչափահաս զաւակներ ունին, այլապէս առանձին ապրող տարիքաւորները բարեբախտաբար կրնային Պաղտատի ծերանոցին մէջ տեղաւորուիլ եւ ապահով ըլլալ:
Ա.Բ- Հայաստան տեղափոխուելէ յետոյ արդեօք Ձեր հիմնադրամը կը ցուցաբերէ՞ր այլ (հոգեբանական, սոցիալական) աջակցութիւն:
Խ. Ճ.- Որպէս փոքր եւ համեստ կարողութիւններով միութիւն մը, նման ծառայութիւններ հայթայելու ոչ նիւթական եւ ոչ ալ փորձառութիւն ունինք նման հոգեբանական կամ ընկերային օժանդակութիւններ հասցնելու: Բայց մենք ունինք մեր ներկայացուցիչը, որ նոր ժամանած գաղթականներուն նախապէս կահաւորուած տուներ կը վարձէր եւ հոն կը տեղափոխէր: Անոնց գաղթականական, դպրոցական, ընկերային հարցերուն օգտակար կ’ըլլար եւ անոնց գործերը կ’ընէր, եւ մեր իրաքահայերը, ինչպէս նախապէս յիշեցի, շատ գոհ էին Գայեանէ Մուրատեանի ծառայութիւններէն: Բայց հոգեբանական աջակցութիւն տալու ի վիճակի չէինք:
Ա. Բ.-Ձեր հիմնադրամի օգնութեամբ Հայաստան տեղափոխուած իրաքահայերը մնացա՞ծ են Հայաստան, թէ՞ գաղթած են այլ երկիրներ: Քանի՞ հոգի մնացած են Հայաստան եւ քանի՞ հոգի տեղափոխուած այլ երկիրներ:
Խ. Ճ.-Մեր միութեան միջոցաւ տեղափոխուած 135 հայերէն, մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, մօտ 55 հոգի Հայաստանէն մեկնած են այլ երկիրներ, միանալու համար իրենց հարազատներուն հետ: Անոնց մեծ մասը եւրոպական երկիրներ մեկնած են,մէկ-երկու ընտանիք Ա.Մ.Ն. եկած, իսկ մօտ 80 հոգի, մեր ունեցած տեղեկութեանց համաձայն, Հայաստան մնացած են: Անոնք հոն մեր միութեան նման (Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն) մը հիմնած են Երեւանի մէջ:
Մինչեւ մեր 135 հոգինոց խումբը Հայաստան տանիլը, ոչ ոք կը մտածէր Հայաստան երթալ եւ հաստատուիլ հոն, քանի որ իրաքահայերու մօտ տարածուած էր, որ Հայաստան գործ չկայ, ժողովուրդը շատ դժուար պայմաններու մէջ է եւ վախ, կասկած ունէին Հայաստան երթալու եւ ապրելու համար (Պէտք է նշել սակայն, որ մինչ վերոնշեալ ծրագիրի ծիրէն ներս ներգաղթող մեծաքանակ իրաքահայերը՝ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ հաստատուած եղած են քանի մը իրաքահայ ընտանիք-ՀԱ): Սակայն մեր ներգաղթի աշխատանքով եւ ապրուստ ապահովելով, անոնց ներկայութենէն քաջալերուելով այսօր, մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն 800-1,000 աւելի իրաքահայեր Հայաստան հաստատուած են, որոնք վերջնականապէս փրկուած, ապահով եւ անկաշկանդ մայր հայրենիքի ժողովուրդին հետ շատ լաւ շաղուած իրենց երջանիկ ապագան կը կերտեն մայր հողին վրայ: Նոյնիսկ Ա.Մ.Ն.-էն իրաքահայեր Հայաստան տեղափոխուած են: Անոնք իրենց սեփական տուները եւ գործերը ծախելով, կամ անոնք իրենց կենսաթոշակները Հայաստան ստանալով, իրենց գործերը բացած են այնտեղ:
Ոչ մէկ իրաքահայ բեռ չէ եղած Հայաստանի իշխանութեանց վրայ, այլ անոնք իրենց երջանիկ կեանքը դասաւորած են իրենց միջոցներով, բայց հայրենի պետութիւնը ու մանաւանդ գաղթականներու բաժինը եւ Սփիւռքի նախարարուհի դոկտ. Հրանուշ Յակոբեան միշտ հասած են իրաքահայերուն:
Ա. Բ._ Ինչո՞ւ ծրագիրը չի շարունակուիր:
Խ. Ճ.- Նախ ներկայիս Իրաքի հայութեան կեանքը այդքան վտանգաւոր ու անապահով չէ, որքան 2003-ին քանի մը տարի անց: Հիմա Իրաքի հայերը արդէն իրենց անձնական միջոցներով կրնան Հայաստան երթալ եւ հոն հաստատուիլ, անկաշկանդ եւ առանց նիւթականի կարիք ունենալու: Հիմա աւելի շատ իրաքահայեր հաստատուիլ սկսած են Իրաքի հիւսիսային Քիւրտիստանի շրջանին մէջ, քիւրտ ժողովուրդի եւ իշխանութեան բոլոր բարիքները եւ օգնութիւնները վայելելով:
Մեր սրտագին կոչն է, որ մեր ազգային կուսակցութիւնները, եկեղեցիները եւ ժողովուրդը ընդհանրապէս, նման աշխատանք մը որդեգրեն ներգաղթ կազմակերպելով, իւրաքանչիւր գաղթող ընտանիքի ապրուստը մէկ-երկու տարի ապահովելու բարերարներ գտնելով, որպէսզի այս գաղթականները մէկ-երկու տարուան ընթացքին իրենք զիրենք գտնեն եւ վստահ եմ, անոնք կը մտածեն Հայաստան մնալ:
Ա.Բ- Ներկայիս ի՞նչ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Լոս Անճելոսի իրաքահայերու հիմնադրամը Հայաստանի մէջ հաստատուած իրաքահայերուն, Իրաքի հայ համայնքին:
Խ. Ճ.-Ներգաղթի աշխատանքէն ետք, միութիւնը երեք տարի շարունակ 8-10 հազար տոլարի նպաստ հասցուց Հայաստան ապրող իրաքահայերուն: Սկիզբը տօնական օրերուն իւրաքանչիւր ընտանիք, ըստ զաւակներու թիւին, նիւթական նուէրներ ղրկեցին, վերջին երկու տարիներուն, անոնց զաւակներուն տարին 40-60 փոքրիկներու կրթաթոշակներ ղրկած ենք: Հիմա դադրեցուցած ենք այդ նպաստը, քանի որ մեր միութիւնը հոս Լոս Անճելոսի մէջ, կրթական, մշակութային բազմերես ծառայութիւններ նախաձեռնած է: Ունինք մեր շաբաթօրեայ ՁՐԻ վարժարանը, այս տարի մաս կազմած ենք տասնեակ մը մշակութային եւ մեծարանքի երեկոներու, պարահանդէսներու, գիրքերու գինեձօներու եւայլն:
Կարելի չէ այս հարցազրոյցը փակել առանց յիշելու թէ վերոնշեալ աշխատանքները իրաքահայերու միութիւնը կազմակերպեց ՚Իրաքահայերու Օգնութեան Հիմնադրամՙ անունով յանձնախումբ մը կազմելով: Այս յանձնախումբի ատենապետն էր Սարգիս Դերձակեան, որ երեք անգամ Հայաստան գացած է, հոն մօտ ամիս մնալով այս գաղթականները իրենց համար վարձուած տուներուն մէջ տեղաւորած, եւ գաղթականներու գրասենեակին հետ Հալէպէն դասաւորած է Հալէպ գացող եւ հոնկէ Երեւան մեկնող խումբին տոմսակներ ապահոված եւայլն: Յանձնախումբի գանձապահն էր ողբ. Գրիգոր Տէր Ամիրեան, որ այս աշխատանքի գլխաւոր ճարտարապետը եւ գաղափարը յղացողն էր: Յանձնախումբի միւս անդամներէն են Ռաֆֆի Կարապետեան փոխ-ատենապետ, ատենադպրուհիներ Մարալ Շահինեան, Ազատուհի Աբրահամեան, Սերոբ Թշապուրեան եւ Վարդգէս Պետրոսեան, իսկ Խաչիկ Ճանոյեան իրաքահայերու Կեդրոնական Վարչութեան նախագահի հանգամանքով այս յանձնախումբի բոլոր աշխատանքներուն եւ որոշումներուն վերահսկիչն էր:
Վերջաւորութեան, իրաքահայերու կազմակերպած ազգահաւաքի այս համեստ աշխատանքը իրապէս, մեծապէս նպաստած է մեր ժողովուրդի ներգաղթի աշխատանքներուն: Քաջ գիտենք, որ ներկայիս Հայաստանի բարեխնամ կառավարութիւնը միջոցներ կ’որոնէ ներգաղթը քաջալերելու համար:
Կ՛ըսեն մեծ ծառերը փոքր հունտերէ ծնունդ կ’առնեն: Վստահ եմ ներգաղթի մեծ աշխատանքը փոքր գաղափարներէ եւ աշխատանքներէ կրնան ծնունդ առնել եւ պտուղներ տալ: Մեր մաղթանքն է, որ հայրենի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնը ՍԿՍԻՆ ազգահաւաքի այս սուրբ, անհրաժեշտ եւ պատուական գործը իրականացնել, յօգուտ եւ ի փառս մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին:
Ա.Բ_ Շնորհակալութիւն, պարոն Ճանոյեան, այս շահեկան հարցազրոյցին համար: Իրապէս հերոսական եւ պատուաբեր գործ տարած է Ձեր միութիւնը: Վստահ եմ, այս աշխատանքը ոսկի տառերով պիտի արձանագրուի մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ: