Պատանի նոր տաղանդներ երաժշտութեան մէջ

Հոգեպարար երեւոյթ էր ներկայ գտնուիլ Դեկտեմբեր 1, 2013, Կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 1ին, Նիւ Եորքի Գարնըկի Հօլի «Ուէյլ» համերգասրահը, ուր 5րդ յաջորդական տարին ըլլալով, ամերիկահայ պատանի տաղանդներ կը մասնակցէին աւարտական մրցանքի երաժշտական համոյթին։  Անոնք իրենց տաղանդովը կը ներկայանային հանրութեան։  Պատանի ուժեր, որոնք պիտի դառնան վաղուա´ն  հպարտութիւնը մեր դարաւոր ազգային ժառանգութեան։

Տոքթ. Սվետլանա Ամիրխանեանի գլխաւորած «Ուղիղ Օգնութիւն Հայութեան» խմբաւորումին նախաձեռնութիւնն է այս ամէնամեայ համերգը, որուն ցարդ մանակցած են 300է աւելի պատանինիներ` երգով թէ երաժշտական գործիքով։  Աննահանջ ու հետեւողական աշխատանքին արքասիքն է անկասկած տարուէ-տարի յաջողութիւն արձանագրած այս օգտակար ծրագիրը։

Թէեւ գործադիր մարմինը կը բաղկանայ երեք հոգիէ ներառելով նաեւ Մարինա Պաղտասարովան ու Անժելա Քազարեանը, սակայն ունի Պատուոյ Մարմին մը, ուր բոլորուած են ամերիկահայ ծանօթ արուեստագէտներ, բարերարներ ու ազգայիններ` Լուսին Ամարա, Յասմիկ Աբրահամեան, Շահան Արծրունի, Նայիրի Չեքոսքի-Պալեան, Ռիթա Պալեան, Զարմինէ Պօղոսեան, Հրանդ Կիւլեան, Տոքթ. Կարէն Կակոսեան, Կիլտա Քիւբելեան, Արտեմիս Նազարեան, դեսպան Կարէն Նազարեան, Հերի Թուֆայեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան։  Այս մարմնին կողքին կայ դատական յանձնախումբ մը։

Այս տարուան համերգը նուիրուած էր անմահանուն երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանին, անոր ծննդեան 110ամեակին առթիւ։ Հայ ժողովուրդին պարծանքը եղող Խաչատուրեան կրցաւ հայ երաժշտութիւնը լսելի դարձնել մեծագոյն համերգասրահներու թէ ձայնասփիւռի կայարաններէն։  Անոր գործերը կը պահեն երէկի իրենց նո´յն թարմութիւնը եւ արդէն վարպետը անցած է մեծ դասականներու հարուստ ընտանիքէն ներս։

10 տարեկանէն մինչեւ 18 տարեկան հայ պատանիներու կողքին մասնակցեցան նաեւ ոչ հայ (իտալացի, քորէացի, ռուս, իրլանտացի, լիբանանցի ծնունդով) տաղանդաւոր ուժեր, որոնք նուագեցին Խաչատուրեանի գործերէն (Նիքօ Քարերա` «Լեզքինկա»ն, Անսել Չանկ` «Վալսը Իվայի արկածախնդրութենէն», Զօ Փիան-Չոտուրի` «Թանց», Իրեն Վիլկորին` « Թոքադա Պի ֆլեթ մայնըր») եւ երգեցին  ժողովրդական «Աղբիւրի մէջ»` Ճուլիա Գամինկ։  Մայքըլ Խուրի սքանչելիօրէն ու ապրումով դաշնակի վրայ նուագեց ամերիկեան ճէզէն ի մի բերուած ստեղծագործութիւն մը։

Բայց, այս բոլորով մէկ պէ´տք ենք յիշել մասնաւորաբար Դաւիթ Անթապեանը, որ սքանչացուց ներկաները Խաչատուրեանի «Սօնաթա»ով, Անի Մուրատեանը` Պապաջանեանի «Թոքաթինա»ով Լուսին Միւսայէլեանը` Կոմիտասի «Կռունկ»ով, Հայկ Յովսէփեանը` Սարտարեանի «Հայկական էսքիզներ»ով, Մարինա եւ Իվա Քազարեանները Քոհլերի «Տհը Ուանտերըր»ով եւ դեռ աւելի երիտասարդները`Ալին եւ Նիքոլ Խրիմեանները, Վահէ Մուրատեանը, Ամալիա Շահինեանը, Դաւիթ Յովհաննիսեանը …։

Ջութակահար Տիանա Վասիլեանի ղեկավարութեամբ պատանի չութակահարները` եօթը հոգի` ներկայացուցին Օֆֆէնպախի «Գանգան»ը եւ Պապաջանեանի « Յիշատակներ»ը, զարմացնելով ներկաներուն։

Տօնական օրերու նուէր մըն էր որ մեզի նուիրեցին այս մեր նորահաս տաղանդները։  Այդ մթնոլորտով ալ հաւաքուած ներկաները, անգամ մը եւս հոգեպէս հարստացած, վերադարձան տուն։

Մեր ժողովուրդը, հայրենիքէն մղոններ հեռու, կը շարունակէ պահել իր ազգային մշակութային արժէքները։  Ինչո՞ւ անոնք հո´ս «օտարամայի ճամբէքի վրայ« կ’ապրին արդեօք։

Մե~ղք մեր ձրուած տաղանդներուն։  Հազա´ր մեղք։

 

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Scroll Up