Հայ-վրացական Յարաբերութիւններու 25-ամեակը Նշանաւոր Դարձաւ «Ռուսթաւի» Երգի եւ Պարի Ազգային Խումբին Պամերգով

Երեւանի մէջ Յուլիս 25-ին տեղի ունեցած է վրացական «Ռուսթաւի» երգի եւ պարի ազգային խումբին համերգը` նուիրուած հայ-վրացական յարաբերութիւններու 25-ամեակին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Հայաստանի մէջ Վրաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կիորկի Սականելիձէի խօսքով` այս համերգը Վրաստանի կառավարութեան կողմէ նուէր է Հայաստանի քաղաքացիներուն:

«Կը կարծեմ` հանդիսատեսը մեծ բաւականութիւն ստացաւ այս համերգէն եւ ատիկա ամենակարեւորն է: Մշակութային ոլորտին մէջ մենք պէտք է աւելի զարգացնենք մեր յարաբերութիւնները, որ աւելի պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը: Ասիկա նաեւ լաւ հնարաւորութիւն է նոր սերունդներուն համար` զիրար ծանօթանալու, ընկերանալու եւ շարունակելու այն եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք այս տարիներուն ընթացքին կերտած ենք»,- ընդգծած է դեսպանը:

ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի խօսքով` վերջին տարիներուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային ոլորտի մէջ ոչ յաճախակի կազմակերպուած են նման ձեռնարկներ, եւ այժմ փորձ կը կատարուի այդ բացը լրացնելու: «Իհարկէ, հայ-վրացական քաղաքական, տնտեսական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, բայց մշակոյթը նոյնպէս շատ կարեւոր է, որովհետեւ ժողովուրդները միմեանց կը ճանչնան մշակոյթով»,- ըսած է Քոչարեանը:

Scroll Up