Յայտնի Փարֆիւմըր Ֆրանսիս Քիւրքչեան Կանացի Բուրմունք Ստեղծած Է Burberry-ի Համար
Burberry ընկերութիւնը եւ անոր գլխաւոր տնօրէն Քրիսթոֆըր Պէյլին յայտնի հոտավաճառ Ֆրանսիս Քիւրքչեանի հետ համագործակցութեամբ` կանացի նոր բուրմունք ստեղծած են:
My Burberry Blush նորոյթի հիմքին մէջ ծաղկային երանգներ են` խորդենիի, վարդի, կլիսինի, յասմիկի եւ կիտրոնի ծառի, որոնք սկիզբը լրացուած են նռան նոտաներով, իսկ սրտի ակորդին մէջ` խնձորի տօներով, կը գրէ Lenta.ru-ն:
Օծանելիքի սրուակը պատրաստուած է վարդագոյն ապակիէ My Burberry օծանելիքին յատուկ փակիչով, որ կը յիշեցնէ Burberry-ի մեծ հռչակ ստացած տրենչի կոճակները, եւ զարդարուած է կապարտինէ պատրաստուած ժապաւէնով: Կապարտինը մօտ 100 տարի առաջ ստեղծած է այն ժամանակուայ ղեկավար Թոմաս Պերպըրին:
90 մլ տարողութեամբ սրուակի գնորդներու ցանկութեամբ ապակիին վրայ կրնան անուանատառերը պատկերուիլ` ընկերութեան կայքին մէջ եւ վաճառքի որոշ կէտերու մէջ պատուիրելու պարագային, կը գրէ panarmenian.net-ը: