Յովհաննէս Այվազովսկիի Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով Ուքրանիոյ ՄԷջ Յուշադրամ Թողարկուած Է

Ուքրանիոյ  ազգային դրամատունը շրջանառութեան մէջ  դրած է «Յովհաննէս Այվազովսկի» յուշադրամը:

Դրամահաւաքներու հաւաքածուն կը համալրուի յուշադրամով, որ թողարկուած է ականաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին առիթով:

Ուքրանիոյ ազգային դրամատան կայք-էջին փոխանցմամբ`  մետաղադրամը թողարկուած է «Ուքրանիոյ ականաւոր անհատներ» շարքին մէջ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է 35,000 օրինակ տպաքանակով:

«Ականաւոր ծովանկարիչի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած յուշադրամի եւ նամականիշի թողարկումը համաշխարհային գեղանկարչութեան գանձարանին մէջ Յովհաննէս Այվազովսկիի աւանդի պետական ճանաչման ակնյայտ վկայութիւնն է, որ կ’ընդգծէ հայկական ու ուքրանական մշակոյթներու փոխադարձ հարստացման ֆենոմենը»,AnalitikaUA.net-ի հետ զրոյցին նշած է ուքրանացի տեսաբան, պատմաբան, Ուքրանիոյ զինանիշագիտութեան միութեան անդամ Մաքսիմ Ցարենկոն:

Ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր` երկրի շրջաններուն մէջ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները մեկնարկած են Նիքոլաեւի մէջ` ցուցահանդէսներու շարքով, ուր ի պատիւ յայտնի ծովանկարիչին` կայացած են  քանի մը ձեռնարկներ: Յովհաննէս Այվազովսկիի աշխատանքներու ցուցահանդէս  կազմակերպուած է նաեւ Քիեւի մէջ:

 

 

 

 

Scroll Up