Միօրեայ Սեմինար Դպրեվանքին Մէջ

Շաբաթ, 26 հոկտեմբեր 2013-ին, կազակերպութեամբ դպրեվանքի տեսչութեան, «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար մը, որուն մասնակցեցան դպրեվանքի բարձրագոյն կարգի ուսանողները:

Սեմինարի առաջին նիւթն էր ընկերային լրատուամիջոցներուն կարեւորութիւնը եւ անպատեհութիւնները ընկերային, երիտասարդական եւ մասնագիտական կեանքին մէջ: Ներկայացման յաջորդեց վարժանիստ մը, ուր դպրեվանեցիները ծանօթացան ընկերային լրատուական միջոցներու տարբերակներուն: Այս ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ զարգացած նոր ծրագիրի մը` MicroMappers-ի կիրարկման, որ վերջերս գործադրման դրուեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ, աղէտներուն ընթացքին մարդասիրական կազմակերպութիւններուն դիւրութիւն ընծայելու միտումով, որպէսզի աւելի արագ եւ ազդու միջոցներով կարենան արժեւորել տեղւոյն կացութիւնը եւ ըստ այնմ համադրել կիրարկուելիք շտապօգնութիւնը:

Օրուան երկրորդ նիւթն էր` «Ղեկավարութիւն եւ վարչական գործունէութիւն» (լիտըրշիփ էնտ մենէյճմընթ): Դպրեվանեցիները ծանօթացան յաջող ղեկավարի մը ունակութեան եւ դերակատարութեան ու անոնց ընդմէջէն իրենց առօրեան լաւագոյնս օգտագործելու եւ արդիւնաւորելու միջոցներուն: Ապա վարժանիստի մը ընդմէջէն կրցան վերարժեւորել իրենց ուսանողի անհատական կարողութիւնները եւ ընկերաբարոյական  առաքինութիւնները:

Օրուան աւարտին, զրոյցի մը ընթացքին անոնք արծարծեցին աշակերտական կեանքին եւ առօրեային առնչուած զանազան ժամանակակից հարցեր: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին Տանիա Օհանեանին, որ տեսչութեան հրաւէրով յանձն առած էր օրուան նիւթերուն ներկայացումը:

Դպրեվանքին տեսչութիւնը սոյն ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ընթացքին նախատեսած է կազմակերպել այժմէական բնոյթ ունեցող նմանատիպ սեմինարներ եւ վարժանիստեր:

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up