Նոր զարգացումներ Տինքի սպանութեան դատին

Պոլսոյ ծանր յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու 14րդ դա­տարա­նին մէջ Դեկ­տեմբեր 3ին տե­ղի է ու­նե­ցած է «Ակօս»ի խմբագ­րա­պետ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան՝ վերսկսած դա­տավա­րու­թեան նոր նիս­տը: Ըստ Radikal-ին՝ ու­շագրաւ զար­գա­ցումներ տե­ղի ու­նե­ցած են. սպա­նու­թեան դրդող­նե­րէն հա­մարուող Էր­հան Թունճէլ գլխա­ւոր մեղ­քը բար­դած է ոս­տի­կանու­թեան վրայ` յայ­տա­րարե­լով. “մեր դի­մաց կանգնա­ծը ոչ թէ ոս­տի­կանու­թիւն է, այլ հրո­սակա­խումբ”:

Թունճէլ, մաս­նա­ւորա­պէս, որ­պէս սպա­նու­թեան գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ մատ­նանշած է Տրա­պիզո­նի Ապա­հովու­թեան ծա­ռայու­թեան ռազ­մա­վարա­կան վար­չութեան նախ­կին պետ Ռա­մազան Աքեիւ­րէ­քը: “Անոնք յան­ցա­գործ խմբակ­ցութեան ան­դամներ են, սա­կայն յա­ջողած են խոյս տալ՝ զիս դարձնե­լով թիւ մէկ մե­ղադ­րեալը”,- ըսած է Թունճէլ:

Ան այս ան­գամ ալ չէ նշած շօ­շափե­լի որե­ւէ յան­ցա­գործ կազ­մա­կեր­պութեան անուն` կրկնե­լով նա­խապէս իր ըրած յայ­տա­րարու­թիւնը, թէ Տին­քի սպա­նու­թեան գոր­ծին մէջ ներգրա­ւուած է «Էր­կէ­նեքոն»էն աւե­լի ազ­դե­ցիկ կա­ռոյց մը` ընդգծե­լով, որ ան ո՛չ կա­ռավա­րու­թիւնն է, ո՛չ ալ ծա­նօթ կրօ­նապետ Ֆէթ­հուլլահ Կիւ­լէ­նի հա­մայնքը: Սա­կայն աւել­ցուցած է, որ պե­տու­թիւնը աշ­խա­տավարձ կու տայ այդ հրո­սակա­խումբի ան­դամնե­րուն:

Իր ամ­բողջ ելոյ­թի ըն­թացքին Թունճէլ փոր­ձած է ար­դա­րաց­նել ինքզինք` պնդե­լով, որ ինք Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան հետ որե­ւէ կապ չու­նի, ընդհա­կառակն` փոր­ձած է կան­խել, եւ կա­րելի է զինք միայն որ­պէս վկայ ներգրաւել:

Դատավարութեան ընթացքին Հրանդ Տինքի ընկերները Պոլսոյ Արդարադատութեան պալատի շէնքին առջեւ ցոյց մը կազմակերպած են:

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up