Արցախի ԱԺ Փոխնախագահն Ընդունած Է Սփիւռքահայ Խումբ Մը Երիտասարդներ

Արցախի Աժ նիստերու մեծ դահլիճին մէջ խորհրդարանի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան յուլիս 20-ին ընդունած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Նոր Ջուղայի պատանեկան միութեան անդամները:
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն:
Ողջունելով երիտասարդները` Վահրամ Բալայեան ներկայացուցած է Արցախի պատմութիւնը, անդրադարձած Ազգային ժողովի գործունէութեան, կառուցուածքին, տնտեսութեան ներկայիս վիճակին, բանակաշինութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն:
Խօսելով երկրի զարգացման գործին մէջ երիտասարդութեան դերին մասին` խորհրդարանի փոխնախագահը կարեւոր համարած է անոնց ներուժը` կոչ ընելով անմասն չմնալ հայրենիքի մէջ կատարուող գործընթացներէն:
«Կարծում եմ` համաքայլ լինելու եւ միասին հարցեր լուծելու անհրաժեշտութիւնը կայ: Այդ պարագայում միայն այն ամէնը, ինչ այսօր ունենք, կը կրկնապատկուի, կը քառապատկուի եւ այդ ճանապարհով կ’ունենանք մեր երազած միացալ Հայաստանը»,-նշած է Վահրամ Բալայեան:
Հանդիպման ընթացքին երիտասարդներն ԱԺ նախագահի տեղակալին առաջադրած են Ստեփանակերտի օդակայանին, փետրուարին տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներուն, բանակաշինութեան, Արցախի մէջ կրթական համակարգի հեռանկարներուն եւ բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր:
Ամփոփելով հանդիպումը` Վահրամ Բալայեան առաջարկած է երիտասարդներուն առաւել յաճախ այցելել Արցախ` իրենց հետ բերելով նորանոր մարդիկ` այդպիսով նպաստելով հայրենաճանաչութեան ու հայրենադարձութեան: